image

Յայտնի է Հայաստան տեղափոխուած արցախցիներու ճամբորդութեան կարգը

Յայտնի է  Հայաստան տեղափոխուած արցախցիներու ճամբորդութեան կարգը

Յունուար 28-էն ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակ ստացած Լեռնային Ղարաբաղի մեր հայրենակիցները ճամբորդելու ժամանակ անձնագրի հետ պէտք է ունենան նաեւ ժամանակաւոր պաշտպանութեան վկայական:

ՀՀ կառավարութեան 2023 թուականի հոկտեմբեր 26-ի N 1864-Ն որոշմամբ հաստատուած՝ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերը ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ վերցնելու, ժամանակաւոր պաշտպանութիւն ստացած փախստականի անձը հաստատող փաստաթուղթի նկարագրի եւ ատոր տրամադրման կարգի համաձայն՝ ժամանակաւոր պաշտպանութիւն ստացած փախստականի անձը հաստատող փաստաթուղթ են անձնագիրը եւ ժամանակաւոր պաշտպանութեան (փախստականի) վկայականը։ 2024 թուականի յունուար 28-էն այս երկու փաստաթուղթերը ՀՀ-էն դուրս գալու եւ ՀՀ մուտք գործելու ժամանակ վաւեր պիտի համարուին միայն միասին գործածելու պարագային։

Ներքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ ժամանակաւոր պաշտպանութեան (փախստականի) վկայականը կը տրամադրուի դիմումի հիման վրայ:

Ժամանակաւոր պաշտպանութիւն ստացած փախստականին անձը հաստատող փաստաթուղթերը կը տրուին կամ կը փոխանակուին ՀՀ բնակչութեան պետական գրանցամատեանին մէջ հաշուառում ունենալու պարագային, Հայաստանի մէջ՝ Ներքին գործոց նախարարութեան գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան, իսկ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ՝ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու կամ հիւպատոսական հիմնարկներու կողմէ:

24.01.2024 թուականի դրութեամբ՝ ժամանակաւոր պաշտպանութեան վկայական ստանալու վերաբերեալ ներկայացուած է 41 027 դիմում: