image
Հրատապ լուրեր:

Յարութիւնեան Արցախի գլխաւոր դատախազին առաջարկեց ստանձնել պետական նախարարի պաշտօնը

Յարութիւնեան Արցախի գլխաւոր դատախազին առաջարկեց ստանձնել  պետական նախարարի պաշտօնը

Արցախի նախագահը պետական նախարարի պարտականութիւնները ստանձնել առաջարկած է Արցախի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Գուրգէն Ներսիսեանին:

Արցախի նախագահի աշխատակազմէն յայտնած են, որ առաջարկը կատարուած է, հաշուի առնելով գլխաւոր դատախազի մասնագիտական ու մարդկային որակները, աշխատանքին ցուցաբերած արհեստավարժութիւնը, արդարամտութիւնը, սկզբունքայնութիւնն ու պետականամետութիւնը:

Նախագահը տեղեկացուցած է, որ նոր պետական նախարարի համակարգման ոլորտին մէջ պիտի ըլլան բոլոր գործադիր մարմինները՝ բացառութեամբ ուժային մարմիններուն եւ արտաքին գործոց նախարարութեան: