image

«Յարգել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը». Թեհրանը՝ Անգարային

«Յարգել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը». Թեհրանը՝ Անգարային

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Սայիտ Խաթիպզատէն Թուրքիոյ կոչ ըրած է իր անվտանգութեան հարցերը լուծելու երկխօսութեան եւ Ասթանայի գործընթացին հետեւելու միջոցով, յարգելու Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ զերծ մնալու իր հարեւաններուն դէմ ռազմական ուժի կիրառումէն:

Պատասխանելով Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ սահմանին Թուրքիոյ հնարաւոր ռազմական գործողութիւններուն մասին հարցին` Խաթիպզատէն ըսած է, որ Իրանը դէմ հանդէս կու գայ վէճերը լուծելու համար ուժի որեւէ կիրառման այլ երկիրներու տարածքներուն մէջ:

Ան ընդգծած է, որ Թեհրանը նման ռազմական գործողութիւնները կը դիտարկէ որպէս այդ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքիշխանութեան խախտում, եւ որ այդ միայն կը բարդացնէ իրավիճակը ու կը զօրացնէ լարուածութիւնը:  

Վերջինս յաւելած է, որ Իրանը կը հասկնայ Թուրքիոյ անհանգստութիւնը անվտանգութեան ոլորտին մէջ, սակայն կը կարծէ, որ նման խնդիրներու կարգաւորման միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է եւ յարգանքը երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ: