Ազգային հերոս եւ Վասպուրականի հերոսամարտի ղեկավարներէն Լեւոն փաշա Շաղոյեանի մահուան 50ամեակին առիթով, Քալիֆորնիոյ մէջ, օրերս, յարգանքի եւ երախտագիտութեան երեկոյ մը տեղի ունեցած է, հովանաւորութեամբ՝ Հայ երիտասարդաց միութեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Հովանաւորութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան, Կիրակի, 17 Նոյեմբերին, ազգային հերոս եւ Վասպուրականի հերոսամարտի ղեկավարներէն Լեւոն փաշա Շաղոյեանի մահուան 50ամեակին առիթով, յարգանքի եւ երախտագիտութեան երեկոյ մը տեղի ունեցաւ միութեան «Մէսճեան» կեդրոնի «Խաչատուրեան» սրահին մէջ։
Բացման խօսքը կատարեց Իրաքի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան նախկին ատենապետ Պարոյր Յակոբեան: «Հաւաքուած ենք յարգանք եւ երախտագիտութիւն յայտնելու բացառիկ հերոս Լեւոն փաշային, որ Վասպուրականի վերջին գաղթող ժողովուրդը Պարսկաստանի վրայով Իրաք առաջնորդեց», ըսաւ ան։
Երեկոյին հանդիսավարը՝ Սոնա Մատարեան, բարի գալուստի խօսք արտասանեց հոծ բազմութեան, ապա բեմ հրաւիրեց միութեան վարչութեան քարտուղարուհի եւ Գրական յանձնախումբի ատենապետ Այտա Յովասափեանը, որ ընթերցեց նախ Իրաքի թեմի առաջնորդ Օշական եպս․ Կիւլկիւլեանի, ապա Իրաքի թեմի նախկին առաջնորդ Աւագ արք․ Ասատուրեանի ողջոյնի խօսքերը, որոնք գնահատեցին խաղաղականի ափերուն գտնուող հայորդիները, որ կը յարգեն մեծ հերոսին յիշատակը։
Խօսք առաւ Վասպուրականի հայրենակցական միութեան ատենապետ, իրաւաբան, քաղաքագէտ, «Կամարակ» թերթի երկար տարիներու խմբագիր եւ հրատարակիչ Յակոբ Մկրտիչեան. ան ըսաւ, որ հերոսը բացառիկ եւ հմուտ էր կառավարման մէջ, որ նեղութիւններով պաշարուած, նուազագոյն կորուստներ տալով, հայերու երթը հասցուցեր է Իրաք, աւելցնելով, որ ան անսակարկ ծառայած է իր ազգին։
Ասմունքող Մարալ Վարժապետեան կատարեց Վ․ Տէրեանի «Երկիր Նայիրի» եւ Ա․ Իսահակեանի «Ռազմակոչ»ը եւ արժանացաւ ներկաներու ծափողջոյններուն։
Հանդիսավարը ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Թամար Թիւֆէնկճեանը, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ, սեղմ գիծերու մէջ շատ շահեկան եւ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց Իրաքի հայութեան հեղինակաւոր տիտան՝ Լեւոն փաշայի կեանքը եւ գործունէութիւնը։
Պարոյր Յակոբեան մեծ պաստառի վրայ ցուցադրեց փունջ մը պատկերներ Լեւոն փաշայի, անոր հետ ուրիշ հերոսներու եւ յայտնի ազգային անձնաւորութիւններու, բացատրութիւններ տալով անոնց մասին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան՝ երեկոն հովանաւորելուն, նաեւ երեկոյին մասնակցողներուն ու ներկայ ժողովուրդին։
Երաժշտական բաժինով հանդէս ելաւ երգիչ Վարանդ Աւանէսեան չորս մեներգներով՝ «Տըլէ Եաման», «Ով Կամաւոր Է Գնում», «Տուն Իմ Հայրենի» եւ «Զարթիր Լաօ», որուն ներկաները խանդավառօրէն մասնակցեցան։
Նախքան երեկոն աւարտած յայտարարելը՝ հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան եւ ներկաներուն։
(Թղթակցութիւնը միութենէն)