Վրաստանը մտադիր է անդամակցիլ Եւրոմիութեան մինչեւ 2030 թուականը, հակառակ Պրիւքսելի քննադատութեան։ Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն՝ մեկնաբանելով ԵՄ նոր զեկոյցի բովանդակութիւնը։
Կառավարութեան ղեկավարի խօսքով՝ Թիֆլիսը չի հրաժարիր իր եւրոպական ուղիէն, նոյնիսկ եթէ ԵՄ-ն դժգոհութիւն յայտնէ Վրաստանի ներքին քաղաքականութենէն։
«Այս ամէնը, ի հարկէ, կը խօսի կրկնակի չափանիշերու եւ անարդարութեան մասին։ Սա կը նշանակէ, որ եւրոպական դիւանակալութիւնը լուրջ խնդիրներ ունի։ Ես անգամ մը եւս կը կրկնեմ, որ մենք տարբեր սպասումներ ունինք Եւրոմիութեան մէջ վերջնական փոփոխութիւններու վերաբերեալ։ Մենք կ՚ուզենք դառնալ Եւրոմիութեան անդամ մինչեւ 2030 թուականը եւ յոյս ունինք, որ մինչ այդ ԵՄ-ի մէջ իրավիճակը արմատապէս կը փոխուի», -ըսած է Քոպախիձէն։
Նոյեմբեր 4-ին Եւրոպական յանձնաժողովը հրապարակած է ԵՄ անդամակցութեան յայտ ներկայացուցած 10 երկիրներու՝ Ալպանիոյ, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի, Քոսովոյի, Հիւսիսային Մաքետոնիայի, Չեռնոկորիայի, Սերպիոյ, Թուրքիոյ, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ մէջ քաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ զեկոյցները։
Եւրոպական յանձնաժողովը դրական գնահատական տուած է այս երկիրներու մեծ մասին։
Այնուամենայնիւ, Վրաստանը միակ թեկնածու երկիրն էր, որու կառավարութիւնը Պրիւքսելի կողմէ կոշտ քննադատութեան արժանացած է իր վերանայման ժամանակ։
Վրաստանը ԵՄ-ին անդամակցելու դիմում ներկայացուցած է 2022 թուականին։