Վրաստանի յատուկ ծառայութիւնները կանխած են Օտեսայէն Վորոնէժ պայթուցիկ բեռերու տեղափոխման փորձը. յանցագործութեան համար կը կասկածուին Վրաստանի՝ եօթ, Ուքրանիոյ՝ երեք եւ Հայաստանի երկու քաղաքացի, ըսուած է Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան՝ 2024 թուականի յունուար 19-ին Ռումինիոյ, Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ տարածքով Ուքրանիոյ քաղաքացիի փոքր հանրակառքով՝ ելեկտրական մեքենաներու մարտկոցներուն մէջ պահուած վեց պայթուցիկ սարք տեղափոխուած է Վրաստան. կը նախատեսուէր պայթուցիկները Վորոնէժ հասցնել վրացական «Տարիալ» անցակէտով: Պայթուցիկները գրաւուած են այդ անցակէտին վրայ, գրած է «Սփութնիք» գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը:
Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը պարզած է, որ վտանգաւոր բեռերու փոխադրման կազմակերպիչը ծագումով Պաթումի քաղաքէն է, «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Անտրէյ Շարաշիձէն։
Քրէական գործը այժմ կը վարուի «Պայթուցիկ սարքերու եւ պայթուցիկ նիւթերու ապօրինի պահպանում եւ ձեռքբերում» յօդուածով, սակայն Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը չի բացառեր, որ գործը վերաորակուի որպէս ահաբեկչութեան նախապատրաստութիւն։