image

Ուսանողութիւնը եւ մենք. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Ուսանողութիւնը եւ մենք. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Մեր հարցը այն է, որ մենք չենք արտօներ ուսանող մը աճի, հասուննայ, զարգանայ ու կապուի մեր կեանքին:

Շատ լաւ հնարքներ ունինք ուսանողութիւնը խրտչեցնելու, հեգնելու, անվստահութեան եւ կասկածելիութեան մթնոլորտ ստեղծելու:

 

 

Ուսանողութիւնը ընդհանրապէս հաւաքականութեան մը ներշնչման եւ ապագայի հեռանկար գտնելու խարիսխ է:

Ազգերու պատմութեան մէջ ուսանողութիւնը նորարարութիւն, ըմբոստութիւն, յեղաշրջում եւ մանաւանդ նոր աւիւն բերող ուժ է:

Ուսանողները հասկնալու եւ ըմբռնելու հարցը դժբախտաբար մեր կեանքին մէջ միայն լոզունգային եւ բեմերէն արտասանուած խօսք եղած է:

Մեր հարցը այն է, որ մենք չենք արտօներ ուսանող մը աճի, հասուննայ, զարգանայ ու կապուի մեր կեանքին:

Շատ լաւ հնարքներ ունինք ուսանողութիւնը խրտչեցնելու, հեգնելու, անվստահութեան եւ կասկածելիութեան մթնոլորտ ստեղծելու:

Շատ դիւրաւ պիտակաւորելու, չէզոքացնելու եւ ճզմելու դարձուածքներ կ՛որդեգրենք:

Յետո՞յ…

Կ՛ըսենք, որ մարդ չկայ: Տակաւին փոքր է: Կանուխ է: Դեռ կազմաւորուած չէ: Վստահելի չէ: Այս բոլորը կ՛ըսենք, եւ լաւ տղաք, բնականաբար, մէկ կամ քանի մը քայլ հեռու կը մնան մեզմէ, մեր կառոյցներէն:

Այս անգամ կը սկսինք բամբասել անոնց հեռու մնալու երեւոյթը, փոխանակ քննարկելու եւ լուծում գտնելու վերոնշեալ ախտին:

Ճիշդ այդ պատճառով պէտք է գուրգուրալ եւ հասկնալ մեր ուսանողութիւնը:

Օրերը եւ ժամանակները փոխուած են:

Աւելի հանդուրժող, համբերատար, շրջահայեաց եւ նոր գաղափարներ ընդունելու պատրաստ պէտք է ըլլանք: Ոչ թէ ամէն ինչ ու ամէն ոք պիտակաւորենք եւ այլամերժող կեցուածք որդեգրենք:

Ուսանողութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելու համար երկարաշունչ եւ անընդմէջ աշխատանք պէտք է:

Համաշխարհայնացման այսօրուան ուժգին ալիքներուն դիմաց տատամսող եւ խարխափող ուսանողութիւնը պէտք է կառչած մնայ իր ազգային ըմբռնումներուն, որպէսզի կարենայ լաւ ձեւով ղեկավարել իր այսօրուան եւ վաղուան ծրագիրները:

Վերջապէս բոլոր ժամանակներէն աւելի այսօր ուսանողներուն դերը եւ պարտաւորութիւնը շատ կարեւոր է ժողովուրդներու գոյութեան ու զարգացման մէջ:

Այս իմաստով պէտք է կրկնակի գուրգուրանք ցուցաբերենք մեր ուսանողներուն նկատմամբ:

 

Յակոբ Լատոյեան

«Ազդակ»