Ռուս–ուքրանական պատերազմի ընթացքին Ռուսաստանի Դաշնութենէն նկատելի է զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք դէպի Հայաստան: Tert.am–ը ուսումնասիրած է, թէ որքան կը կազմեն Կեդրոնին մէջ վարձով տուող բնակարաններուն գիները վերջին մէկ ամսուան մէջ եւ ինչ կ'առաջարկեն տանտէրերն ու գործակալութիւնները ռուս զբօսաշրջիկներուն: Այսպէս` Կեդրոնին մէջ 2–3 սենեակնոց բնարականներու գիները կը սկսին 1000 տոլարէն ընդհուպ հասնելով մինչեւ 6500—ի:
Oրինակ, Անտառային փողոցին մէջ վարձով տրուող բնակարաններէն մէկուն ամսավճարը կը կազմէ 5․500 տոլար, Եկմալեան փողոցին մէջ 3 սենեակնոց բնակարանի համար ամսական վարձավճար սահմանուած է 4000 տոլարը, Արամի փողոցին մէջ, օրինակ, վարձով տրուող բնակարաններէն մէկը 2000 տոլար է, իսկ Տէրեան փողոցին մէջ 6 սենեակնոց վարձով բնակարանի ամսական արժէքը 6․500 տոլար է, Փուշքին փողոցին մէջ մէկ այլ բնակարանի ամսական վարձավճարը կը կազմէ 3500 տոլար եւ այլն:
Թեմային վերաբերեալ Tert.am–ը զրուցած է «Silver Rea» անշարժ գոյքի գործակալութեան հիմնադիր-տնօրէն Անդրանիկ Յարութիւնովի հետ, որ նշեց, որ վերջին մէկ ամսուան մէջ կը նկատուի ռուս զբօսաշրջիկներու բաւականին մեծ հոսք դէպի Հայաստան, ինչ որ բնականաբար իր ազդեցութիւնը ունեցած է վարձով տրուող բնակարաններու գիներու բարձրացման մէջ: Ան նշեց, որ շատերը կ'օգտուին առիթէն եւ արհեստականօրէն շատ կը բարձրացնեն բնակարաններու գիները, ինչ որ կը վնասէ շուկային:
Նիւթը՝ Թերթ.ամ-էն: