image

Ուքրանիոյ նախագահը 16 Փետրուարը հռչակած է Միասնութեան օր

Ուքրանիոյ նախագահը 16 Փետրուարը հռչակած է Միասնութեան օր

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին 16 Փետրուարը հռչակած է իասնութեան օր եւ այդ առիթով դիմած է քաղաքացիներուն: «Համապատասխան հրամանագիրը արդէն ստորագրուած է: Այդ օրը մենք կը կախենք ազգային դրօշները, կը կապենք կապոյտ եւ դեղին ժապաւէններ եւ մեր միասնութիւնը ցոյց կու տանք ամբողջ աշխարհին», յայտնած է Ուրանիոյ նախագահը:

Աւելի վաղ որոշ լրատուամիջոցներ, 16 Փետրուարը նշած էին որպէս Ուքրանիոյ վրայ Ռուսաստանի յարձակման ենթադրեալ օր:

Միացեալ Նահանգներու եւ շարք մը այլ երկիրներու պաշտօնեաները յայտնած են, որ արդէն այս շաբաթ ռուսական ներխուժումը Ուքրանիա շատ հաւանական է: Միաժամանակ կ'ընդգծուոր, թէ տակաւին վստահութիւն չկայ, որ Ռուսաստանը իսկապէս պիտի որոշէ ներխուժել:

Ռուսաստանը կը հերքէ, թէ ներխուժման ծրագրեր ունի: Երկրի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն երէկ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է, որ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ կ'ընթանան, սակայն անոնց մեծ մասը շուտով պիտի աւարտի: