25 Հոկտեմբերին Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան այցելած է Խմելնիցքի մարզի Շեփեթիվքա քաղաք՝ մասնակցելու քաղաքի կեդրոնին մէջ տեղադրուած խաչքարի բացման եւ օծման արարողութեան: Խաչքարը տեղադրուած է ի նշան հայ եւ ուքրանացի ժողովուրդներու անմեղ զոհերու յիշատակին: Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։
Միջոցառման մասնակցած են եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած մարզի, քաղաքային իշխանութեան եւ տարբեր դաւանանքներու ներկայացուցիչներ: Իր խօսքին մէջ դեսպան Կարապետեան նշած է, որ խաչքարի բացումը տեղի կ'ունենայ խորհրդանշական ժամանակաշրջանի մէջ, երբ երկու ժողովուրդները կանգնած են անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ: Ան կարեւորած է արարողութիւնն ու հայաստանցի եւ ուքրանացի պաշտօնեաներու ներկայութիւնը՝ որպէս հայ-ուքրանական բարեկամութեան եւս մէկ նշանակալի դրսեւորում:
Արարողութեան յաջորդած է դեսպանի հանդիպումը մարզի տարբեր քաղաքներու՝ Խմելնիցիքիի, Կամենեց-Փոտոլսքի, Շեփեթիվքայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, որու ընթացքին դեսպանը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները, խօսած հայ-ուքրանական յարաբերութիւններու, Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գործունէութեան մասին:
Շեփեթիվքա այցելութեան եւ բոլոր միջոցառումներուն մասնակցած են նաեւ Հայ առաքեկալան եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմի առաջնորդ եպիսկոպոս Մարկոս Յովհաննիսեանն ու Ուքրանիոյ մէջ հայերու միութեան նախագահի տեղակալ Դաւիթ Մկրտչեանը: