Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, Երեւանի քրէական ոստիկանութիւն տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Պէյրութի փողոցներու խաչմերուկին վրայ ռուսական համարանիշով «Mercedes» մակնիշի մեքենայով եւ մէկ այլ՝ «Toyota» մակնիշի մեքենայով երթեւեկող անձանց մօտ հնարաւոր է զէնք-զինամթերք ըլլայ:
Քրէական ոստիկանները յայտնաբերած են այդ մեքենաները, բերման ենթարկած են Երեւանի բնակիչ 40-ամեայ Դաւիթ Մանուկեանը, Արմաւիրի մարզի բնակիչ 40-ամեայ Արսէն Բարսեղեանը, Ուքրանիոյ հանրապետութեան քաղաքացի 36-ամեայ Տենիս Նեկուլիաեւը, Երեւանի բնակիչներ՝ 53-ամեայ Սէյրան Դադասեանը, 45-ամեայ Էրիք Բեգլարեանը, Կոտայքի մարզի բնակիչներ 56-ամեայ Լավրենտի Վարդանեանը եւ 35-ամեայ Արայիկ Յովսէփեանը:
Տենիս Նեկուլիաեւի մօտէն անձնական խուզարկութեամբ յայտնաբերուած է 1 հատ «ԻԺ» մոտելի ատրճանակ՝ լիցքաւորուած 8 փամփուշտով, 1 հատ «Չեզեթ» տեսակի ատրճանակի փամփուշտատուփ՝ 9 փամփուշտով եւ 1 հատ 7 սմ շեղբի երկարութեան ծալովի դանակ, որ, ըստ վերջինիս յայտարարութեան, կը պատկանի Դաւիթ Մանուկեանին:
Յայտնաբերուած զէնքերու վերաբերեալ Դաւիթ Մանուկեանը ներկայացուցած է համապատասխան փաստաթուղթեր: Դ. Մանուկեանն Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Անդրանիկ Մանուկեանի որդին է, ԱԺ նախկին պատգամաւոր է, եղած է ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ, իսկ 2017-2019 թուականներուն ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան անդամ: