image

Ուքրանիոյ համար տարածքներու զիջումն անընդունելի է

Ուքրանիոյ համար տարածքներու զիջումն անընդունելի է

Ուքրանիոյ համար տարածքէ հրաժարիլն անթոյլատրելի է։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Ալեքսանտր Սիրսքի, հաղորդած է lenta.ru։

«Ի հարկէ, մեզի համար անընդունելի է պարզապէս տարածք տալը։ Ինչ կը նշանակէ այդ ընդհանրապէս՝ յանձնե՞լ մեր հողը։ Անոր համար մենք մեր տարածքը չենք տար»,-ըսած է ան։

Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ համար արդար խաղաղութիւնը կը նշանակէ «խաղաղութիւն առանց նախապայմաններու», ինչպէս նաեւ տարածքային յանձնման բացակայութիւն եւ հրադադար ներկայ առաջնագիծի երկայնքով։