Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց ZDF-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ եկած է քննարկելու պահը, թէ ինչպէս արագացնել Ուքրանիոյ մէջ զինուած հակամարտութեան աւարտը։
Այս մասին հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթի։
«Ես կը կարծեմ, որ այժմ եկած է այն պահը, երբ անհրաժեշտ է քննարկումներ ընել այն մասին, թէ ինչպէս պատերազմի ներկայ իրավիճակէն անցնիլ խաղաղութեան»,- ըսած է Շոլց:
«Ամէն պարագային, յաջորդ խաղաղութեան համաժողովը պիտի ըլլայ։
Վլատիմիր Զելենսքի եւ ես համաձայն ենք, որ Ռուսիա նոյնպէս պէտք է մասնակցի անոր»,- աւելցուցած է վարչապետը։