Արեւմուտքէն կախեալ է, թէ արդեօք Ուքրանիան պիտի գոյատեւէ որպէս պետութիւն։
Այս մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկ։
«ՆԱԹՕ-ն լրջօրէն կը քննարկէ Ուքրանիոյ կողմէ հեռահար հրթիռներու կիրառումը, որպէսզի Քիեւ հնարաւորութիւն ունենայ հասնելու Ռուսիոյ տարածքի ռազմական թիրախներուն։
ՆԱԹՕ-ի շրջանակներուն մէջ այս թեմայի շուրջ քննարկում կայ... Կարեւոր է, որ Ուքրանիան հնարաւորութիւն ունենայ հասնելու Ռուսիոյ տարածքը գտնուող ռազմական թիրախներուն»,- գրած է Reuters՝ վկայակոչելով Օսլոյի մէջ Սթոլթընպերկի ելոյթը։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկ յայտարարած է, որ Ուքրանիան «շատ բանի» հասած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Քուրսքի շրջանի գործողութեան ընթացքին։