image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ անդամակցութեան շնորհիւ ՆԱԹՕ-ն պիտի զօրանայ. Զելենսքի

Ուքրանիոյ անդամակցութեան շնորհիւ ՆԱԹՕ-ն պիտի զօրանայ. Զելենսքի

Արեւմտեան Ուքրանիոյ մէջ գտնուող Կութա ամառանոցային քաղաքին մէջ կայացած է Լեհաստանի, Լիթուանիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներու «Լիւպլինեան եռանկիւնի» կոչուող ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած առաջին հանդիպումը։

Ուքրանական աղբիւրներու փոխանցմամբ` եռակողմ բանակցութիւններու գլխաւոր թեման Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ ռուսական զօրքերու կուտակումն էր եւ ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը դէպի արեւելք:

«Ուքրանիան եւ Ուքրանիոյ նման միւս երկիրները ՆԱԹՕ-ին պիտի անդամակցին այն ժամանակ, երբ ՆԱԹՕ-ի մէջ հասկնան, որ այդ քայլը ոչ թէ այդ պետութիւնները կը զօրացնէ, այլ՝ դաշինքը», բանակցութիւններու աւարտին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։

Լեհաստանի նախագահին խօսքով` Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները աշխուժօրէն կը զբաղին Ուքրանիոյ սահմաններուն երկայնքով ռուսական զօրքերու կուտակման հարցով։

«Կը փափաքիմ նշել, որ մենք այդ ուղղութեամբ աշխուժօրէն կ'աշխատինք։ Ես համոզուած եմ, որ մեր քաղաքականութիւնը այս ուղղութեամբ կրնայ անվտանգութեան միտուած լուրջ հարթակ ստեղծել։ Այդպիսով մենք կրնանք ռուսական յարձակումէն պաշտպանել ոչ միայն ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւնները, այլեւ՝ Ուքրանիան։

Մենք, սակայն, պէտք է կանխարգելիչ քայլերու ձեռնարկենք։ Մենք պէտք է պահանջենք, որ Ռուսաստանը լուրջ ետքայլ կատարէ», յայտարարած է Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտան։