image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիան կ՚ուզէ նախապէս ծանօթանալ խաղաղութեան շուրջ Ռուսիոյ առաջարկներուն .Սիպիհա

Ուքրանիան կ՚ուզէ նախապէս ծանօթանալ խաղաղութեան շուրջ Ռուսիոյ առաջարկներուն .Սիպիհա

Ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու նպատակով Իսթանպուլ պատուիրակութիւն ղրկելէ առաջ, Քիեւ կ՚ուզէ ծանօթանալ խաղաղութեան շուրջ Ռուսիոյ առաջարկներուն, որպէսզի հանդիպումը ըլլայ բովանդակային։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհան իր թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտանի հետ Քիեւի մէջ ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։

«Կարեւոր է նախապէս ստանալ փաստաթուղթը, որպէսզի պատուիրակութիւնը, որ պիտի մասնակցի բանակցութիւններուն, իրաւասուութիւն ունենայ քննարկելու համապատասխան դիրքորոշումները»,– Սիպիհայի խօսքերը մէջբերած է Reuters գործակալութիւնը։

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաքը իր հերթին յայտարարած է, թէ Քիեւ պատրաստ է մասնակցելու Յունիս 2-ին Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն, յայտնած է Kyiv Independent թերթը։ Ան նաեւ ընդգծած է, թէ ռուսական կողմի մշակած յուշագիրը անհրաժեշտ է նախապէս փոխանցուի ուքրանական կողմին։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, թէ նախագահի օգնական Վլատիմիր Մեթինսքիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պատրաստ է Յունիս 2-ին Իսթանպուլի մէջ Ուքրանիոյ ներկայացնելու ճգնաժամի արմատական պատճառներու լուծման ուղիներու մասին Ռուսիոյ յուշագիրը։

Բանակցութիւններու կայանալու պարագային Իսթանպուլ պիտի մեկնին նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ անվտանգութեան հարցերով խորհրդականները։