Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքով յայտնած է, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներէն եւս 90 թոն զինամթերք ստացած է:
Բեռը` որպէս օգնութիւն, Քիեւ կը փոխադրուի Ուքրանիոյ պաշտպանունակութիւնը ամրապնդելու նպատակով:
«Եւս 90 թոն ամերիկեան զինամթերք ստացած ենք: Ամերիկեան ռազմական օգնութեան ընդհանուր ծաւալը այս պահին գերազանցած է հազար 300 թոնը», Թուիթըրի իր էջով գրած է նախարար Ռեզնիքով:
Միացեալ Նահանգները պարտաւորուած է մօտ 200 միլիոն տոլարի ռազմական նշանակութեան արտադրանք ուղարկել Ուքրանիա:
Բացի այդ, հաշուի առնելով Ռուսաստանի յարձակողական կեցուածքը` Լեհաստանը, Պալթեան երեք հանրապետութիւնները եւ շարք մը այլ երկիրներ նոյնպէս ռազմական օգնութիւն կը տրամադրեն Ուքրանիոյ: