image

Ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերը յարձակած են Ռուսիոյ 12 շրջանի վրայ

Ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերը յարձակած են Ռուսիոյ 12 շրջանի վրայ

Ռուսիոյ քանի մը շրջաններ, ներառեալ մայրաքաղաք Մոսկուան, Պրեանսքը եւ Էնկելսը, Յունիս 5-6 գիշերը ենթարկուած են անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներու։ Թռիչքներու սահմանափակումներ դրուած են «Վնուքովո», «Տոմոտետովո», «Ժուքովսքի», ինչպէս նաեւ Սարաթովի եւ Քալուկայի օդակայաններուն մէջ։

Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոփեանին յայտնած է, որ մայրաքաղաքի վրայ ուղղուած 10 անօդաչու թռչող սարքի յարձակում վանուած է։ Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան մասնագէտները կը գործեն ինկած բեկորներու վայրին մէջ։

Պրեանսքի թելեկրամ ալիքները հրապարակած են տեսանիւթեր՝ քաղաքի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ուժեղ պայթումէն։ Անօդաչու սարքեր յարձակում գործած են նաեւ Էնկելս քաղաքի վրայ, որու մօտակայքը կը գտնուի Ռուսիոյ ռազմավարական օդուժի ռազմակայանը։

Սարաթովի նահանգապետ Ռոման Պուսարկինը յայտնած է, որ ուքրանական անօդաչու սարքերու յարձակումին հետեւանքով հրդեհ առաջացած է Էնկելսի մէջ գտնուող ձեռնարկութեան մը մէջ, առանց ճշդելու թէ ինչ յատուկ կառոյց այրած է։ Միաժամանակ, ընկերային ցանցերուն մէջ հրապարակուած են տեսանիւթեր, որոնք ցոյց կու տան, որ կ՚այրի նաւթի պահեստ մը, որ, ըստ ուքրանացի զինուորականներու, վառելանիւթի աղբիւր է Էնկելսի ռազմավարական ռմբակոծիչներու կայանի համար։

Վերջին անգամ այս նաւթի պահեստը ուքրանական անօդաչու սարքերու կողմէ յարձակումի ենթարկուած էր Յունուար ամսուան սկիզբը։ Այդ ժամանակ հրդեհը տեւած էր քանի մը օր։