image

Ուքրան եւ ռուս դիւանագէտներուն միջեւ միջադէպ. Միջամտած է Թուրքիոյ ներկայացուցիչը

Ուքրան եւ ռուս դիւանագէտներուն միջեւ միջադէպ. Միջամտած է Թուրքիոյ ներկայացուցիչը

Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները փորձած են խափանել ռուսական պատուիրակութեան ելոյթը Անգարայի մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի (ՍԾՏՀԽ) գագաթնաժողովին։ Այս մասին հինգշաբթի՝ մայիս 4-ին, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման, հասարակական եւ կրօնական միաւորումներու հարցերով յանձնաժողովի նախագահը, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովին Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային ժողովի մշտական պատուիրակութեան ղեկավար պաշտօնակատար Օլկա Թիմոֆէեւան, գրած է iz.ru-ն ու տեսանիւթ հրապարակած միջադէպի մասին։

«Ուքրանացիներու ըրածը նման էր կրկեսի։ Բանախօսներու հանդիպումը խափանելու փորձը ձախողեցաւ»,- լրագրողներուն ըսած է ան։

Պատուիրակութեան ղեկավարը նշած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ Մուսթաֆա Շենթոփը փորձած է կասեցնել այն։ Միջադէպի այլ մանրամասներ չեն հաղորդուիր:

Հինգշաբթ օր Անգարայի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային ժողովի պատուիրակութիւնը՝ Թիմոֆէեւայի գլխաւորութեամբ, նոյնպէս կը մասնակցի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ ՍԾՏՀ ԽՎ 61-րդ Գլխաւոր վըհաժողովի անդամ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու յոբելենական գագաթնաժողովին։

Anadolu-ն գրած է, որ Թիմոֆէեւայի ելոյթի ժամանակ ուքրանական պատուիրակութիւնը անոր ետին պարզած է աջակողմեան ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութեան դրօշն ու սկսած հակառուսական կարգախօսներ վանկարկել։

Ռուսական պատուիրակութեան անդամները փորձած են կանխել ուքրանական կողմի գործողութիւնները, տեղի ունեցած է ընդհարում։

Թիմոֆէեւայի ելոյթի ժամանակ ուքրաինական պատուիրակութեան ղեկավար Աննա Փուրթովայի տեղը դատարկ մնացած է։