Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածելով՝ յայտարարած է, որ, նկատի ունենալով ատրպէյճանցի «էկoակտիւիստների» («բնապահպաններ»ու) ստեղծած անառողջ միջավայրը եւ միջազգային հանրութեան մոլորեցնելու փորձերը, որոշում տրուեցաւ դիմել միջազգային կազմակերպութիւններու: Առ այդ, ժամանակաւորապէս պիտի դադրի Կաշէնի հանքավայրի գործունէութիւնը։
«Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը մէկ անգամ եւս վերահաստատում է, որ Արցախում հանքարդիւնաբերութիւնը իրականացւում է միջազգային ամենաբարձր չափանիշներով, որին համապատասխանեցուած են նաեւ ոլորտի օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգաւորումները: Հաշուի առնելով, սակայն, հարեւան երկրի «էկoակտիւիստների» ստեղծած անառողջ միջավայրն ու միջազգային հանրութեանը մոլորեցնելու փորձերը, որոշում է կայացուել դիմել միջազգային կազմակերպութիւններին` «Բէյզ Մեթըլս» ընկերութեան գործունէութեան հետ կապուած միջազգային էկoլոգիական փորձաքննութիւն իրականացնելու համար:
Ընկերութեան ղեկավարութեան հետ համատեղ որոշում է կայացուել ժամանակաւորապէս դադարեցնել ընկերութեան հանքավայրի շահագործումը` մինչեւ փորձաքննութեան աւարտը:
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը դիմել է ՄԱԿի համապատասխան կառոյցներին եւ միջազգային միւս մասնագիտական կազմակերպութիւններին` փորձաքննութեան իրականացումը սեղմ ժամկէտներում կազմակերպելու համար:
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը մշտապէս կողմնակից է եղել հանքարդիւնաբերութեան ոլորտում միջազգային լաւագոյն ստանդարտների (չափանիշներ) պահպանմանը եւ համոզուած է, որ միջազգային էկօլոգիական ստանդարտները պէտք է կիրառելի լինեն ողջ տարածաշրջանի հանքարդիւնաբերող ընկերութիւնների համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ «Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութիւնը Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Կաշէնի պղնձամոլիպտենային հանքավայրի շահագործողն է: