Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Օրբելի» կեդրոնի կազմակերպած ֆորումի ժամանակ ներկայացուցած է այն ռազմավարական գործարքի էութիւնը, որ, ըստ անոր, կրնայ դառնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հիմքը։
Փաշինեանի խօսքով՝ գործարքի էութիւնը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը փոխադարձաբար կը ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնը Ալմաթայի հռչակագրի հիման վրայ, կը բանան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները՝ ըստ Ուաշինկթընի հռչակագրի, կ՚իրականացնեն սահմանազատում՝ համաձայնեցուած կանոնակարգի հիման վրայ եւ «հանգիստ կը թողեն զիրար»։
«Շատ պարզ բան է․ պէտք է պարզապէս հանգիստ թողնել միմեանց։ Այլ բան անելու կարիք չկայ», - նշած է Փաշինեանը։
Վարչապետը աւելցուցած է, որ այս տեսլականն ամրագրուած է նաեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ, որու առաջին յօդուածին մէջ ըսուած է․ «Կողմերը ճանաչում են եւ կը յարգեն միմեանց ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, միջազգային սահմանների անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը»։ Փաշինեանը նշած է, որ համաձայնագրի յաջորդ յօդուածով կողմերը կը հաստատեն՝ իրար նկատմամբ չունին եւ պիտի չունենան տարածքային պահանջներ, ինչպէս նաեւ պիտի չկատարեն որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ խաթարել միւս կողմի տարածքային ամբողջականութիւնը կամ քաղաքական միասնութիւնը։ Անոր խօսքով՝ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաբանին մէջ եւս յղում կայ Ալմաթայի հռչակագրին, որ կը փաստէ, որ խաղաղութեան ճարտարապետութիւնը քաղաքական մակարդակի վրայ ամբողջութեամբ կառուցուած է։
«Այս փուլում խնդիրներ չունենք քաղաքական մակարդակում։ Խնդիրները առաւելապէս սոցիալ-հոգեբանական բնոյթի են»,- նշած է վարչապետը՝ ընդգծելով, որ հասարակութիւններու միջեւ դեռ առկայ են փոխադարձ անվստահութեան եւ հոգեբանական դիմադրութեան տարրեր։ Փաշինեանը նաեւ նկատած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ առկայ են համընկնող ընկերային-հոգեբանական երեւոյթներ՝ օրինակ բերելով, որ որքան Ատրպէյճանի մէջ աւելի յաճախ կը յիշատակեն «Բասարգեչար» անունը, այնքան Հայաստանի մէջ կը հնչէ «Արցախ» բառը։
Ներքին տեղահանուածներու, փախստականներու վերադարձի օրակարգը կը համարեմ վտանգաւոր. Փաշինեան
Ներքին տեղահանուածներու, փախստականներու վերադարձի օրակարգը կը համարեմ վտանգաւոր, որովհետեւ այդ կը նշանակէ վերադառնալ բախման նախնական չափագրումներուն: Այս մասին «Օրբելի» կեդրոնի կազմակերպած ֆորումի ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Եթէ մենք այսօրուայ մեր գործողութիւնների տրամաբանութիւնն ու հիմնաւորումը փորձենք գտնել պատմութեան մէջ, դա նշանակում է, որ մենք չենք հաւատում խաղաղութեանը»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Ալիեւ երէկ յայտարարած էր. «Ատրպէյճանցիներու վերադարձը իրենց պատմական հողեր՝ այսօրուան Հայաստան, պէտք չէ վախցնէ հայ ժողովուրդին»: