image

Որեւէ կառոյց անդամալուծուած չէ. Հայաստանի փոխոստիկանապետ

Որեւէ  կառոյց  անդամալուծուած չէ. Հայաստանի փոխոստիկանապետ

ՀՀ փոխոստիկանապետ Արա Ֆիտանեանը կը վստահեցնէ, որ ընդդիմութեան գործողութիւներուն համար Ոստիկանութիւնը յատուկ միջոցներ չէ կիրառած` բացառութեամբ մէկ դէպքի. Երեւանը եւ որեւէ պետական կառոյց անդամալուծուած չեն:  Ֆիտանեանը այս մասին ըսաւ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին:

Յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք Երեւանը անդամալուծուա՞ծ է, ինչի մասին խոստացած, յորդորած էր ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը:

«Բնականաբար, ոչ քաղաքը, ոչ որեւէ պետական կառոյց անդամալուծուած չեն: Ոստիկանութիւնը յստակ իրականացնում է իր գործառոյթները: Եւ պատուով պէտք է նշեմ, որ մինչեւ օրս իրականացուած բոլոր գործողութիւնները, դրանց զգալի մասն իրականացուել են օրէնքի շրջանակներում», ըսաւ Ֆիտանեան:

Ան ընդգծեց, որ արդէն մօտ 20 օր է, ինչ անհնազանդութեան գործողութիւններ կ'իրականացուին, սակայն վստահեցուց, որ Ոստիկանութեան կողմէ գէթ մէկ անգամ չէ կիրառուած որեւէ յատուկ միջոց` բացառութեամբ մէկ դէպքի: «Այդ յատուկ միջոցներն էլ եղել են ընդամէնը վահանները: Որեւէ յատուկ միջոց Ոստիկանութիւնը չի կիրառել», ըսաւ ՀՀ փոխոստիկանապետը` անդրադառնալով տեսակէտներուն, թէ  Ոստիկանութիւնը անհամաչափ ուժ կը կիրառէ: