70-ական թուականներուն Քամալ Ժոմպլաթի սպանութեամբ տիւրզի համայնքի զաւակները որբացած զգացին: 80-ական թուականներուն Պաշիր Ժեմայելի սպանութեամբ մասնաւորապէս մարոնի համայնքի եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաները որբացած զգացին: 2005-ին Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ սիւննի համայնքը գլխիկոր ցնցուեցաւ եւ որբացած զգաց: Այսօր Հըզպալլայի ղեկավար սէյիտ Նասրալլայի սպանութեամբ շիի համայնքի զաւակները անտէր-անտիրական ու որբացած կը զգան:
Լիբանանցիները իրենց վերջին տասնամեակներու պատմութեան ընթացքին համայնքային իրենց դրուածքով յաջորդական ղեկավարներու սպանութիւններով որբանալու զգացում ապրած են:
70-ական թուականներուն Քամալ Ժոմպլաթի սպանութեամբ տիւրզի համայնքի զաւակները որբացած զգացին: 80-ական թուականներուն Պաշիր Ժեմայելի սպանութեամբ մասնաւորապէս մարոնի համայնքի եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաները որբացած զգացին: 2005-ին Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ սիւննի համայնքը գլխիկոր ցնցուեցաւ եւ որբացած զգաց: Այսօր Հըզպալլայի ղեկավար սէյիտ Նասրալլայի սպանութեամբ շիի համայնքի զաւակները անտէր-անտիրական ու որբացած կը զգան:
Կարեւորը սակայն այն է, որ համայնքային ներքին խլրտումներ ծայր չառնեն, զգայնութիւնները չլարուին եւ ներքին քաղաքացիական պատերազմի չվերածուին: Ականատես էինք, թէ բոլոր նախկին ղեկավարներու սպանութեան ժամանակաշրջանին ինչպիսի՛ հարցեր դիմագրաւեց Լիբանանը:
Ժամանակն է, որ լիբանանցիները զգօն ըլլան եւ ազգային օրակարգը գերադասեն քաղաքականէն: Յաղթող ու պարտուող չկայ: Եթէ այս գիտակցութեամբ բոլոր ղեկավարները իրենց համայնքները զսպեն, գօտեպնդեն, զօրակցին, գութով եւ ակնածանքով մօտենան` յանուն միասնական եւ զօրաւոր Լիբանանի, ապագան լաւ կ՛ըլլայ:
Այսպէս, իւրաքանչիւր սպանութեան հետ կապուած է նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական կեանքի նոր փուլ մը: Քամալ Ժոմպլաթի սպանութենէն ետք սուրիական զօրքերը աւելիով ամրապնդուեցան Լիբանան: Պաշիր Ժեմայելի սպանութենէն ետք պաղեստինեան զօրքը ելաւ Լիբանանէն: Հարիրիի սպանութենէն ետք սուրիական զօրքերը դուրս եկան Լիբանանէն: Իսկ այսօր Նասրալլայի սպանութենէն ետք իսրայէլեան ներխուժումը արդէն սկսած է, եւ չենք գիտեր, թէ ինչպիսի՛ աւարտ պիտի ունենայ:
Փաստօրէն, որովհետեւ Լիբանանը համայնքային երկիր է, եւ իւրաքանչիւր համայնք ունի իր ինքնուրոյն ղեկավարն ու առաջնորդը, բնականաբար նման հարուածներ շրջադարձային կ՛ըլլան եւ անպայման բան մը փոխելու կը ձգտին:
Ո՛չ Քամալ Ժոմպլաթի եւ ո՛չ ալ Պաշիր Ժեմայելի սպանութենէն ետք եղած խլրտումները արդիւնք տուին, ո՛չ ալ պատիւ բերին այս կամ այն համայնքին:
Ժամն է հաւաքուելու, ներելու, լսելու, ընդունելու, համագործակցելու, ձեռք երկարելու եւ զօրաւոր Լիբանան մը ունենալու օրակարգը միայն քննելու:
Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»