image

Դամաբանական՝ Նորիկ Մարաշլեանի

Դամաբանական՝ Նորիկ Մարաշլեանի

Դժուար բան է կորսնցնել ընկերուհի մը, սակայն շատ աւելի դժուար է կորսնցնել գաղափարակից մը, որ յաջողեցաւ իր կեանքի կարճ պայքարը մղել քաջութեամբ:

Շրջապատը ընկհ. Նորիկը ճանչցած է որպէս ժիր ու ստեղծագործ  անձնաւորութիւն մը, որ իր երիտասարդութեան աշխոյժ տարիները նուիրեց ազգին:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Զաւարեան վարժարանէն, ապա միջնակարգի եւ երկրորդականի կրթութիւնը Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն ներս, զոր աւարտած է 2009-ին։ Իր սերունդը կոչուած է իր մեծ հօր՝ գրագէտ Արմէն Անուշի անունով:

Ընկհ. Նորիկ հո՛ն էր, ուր կարիք կար մարդուժի. Համազգայինի Գրական Յանձնախումբի անդամ էր, ինչպէս նաեւ անդամ ԱՔԵՃ-ի Շրջանաւարտից Միութեան։ Եղած է միութեան վարչութեան անդամ եւ իր կեանքի վերջին տասնամեակը ծառայած է որպէս Ճեմարանի խնամակալ, ստանձնելով քարտուղարուհիի պարտականութիւնը, միաժամանակ օժանդակելով եւ հսկելով հաշուապահական աշխատանքներուն, դառնալով նուիրումի կենդանի օրինակ մը: Ընկհ. Նորիկ եղած է Ազգ. Զաւարեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան հիմնադիր սերունդէն, դարձած է միութեան վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Սուրիոյ Կեդրոնական Յանձնախումբի անդամ:

Բազմաթիւ մարմիններու մէջ սիրայօժար տարած է պարբերական հաշուեքննութեան աշխատանք: Ընկհ. Նորիկին կեանքը թէեւ կարճ, սակայն նուիրումի օրինակ մըն էր, մանաւանդ պատերազմի տարիներուն:

Ո՞վ չէր գիտեր Ընկհ. Նորիկի ուսումնատենչ նկարագիրը. ան իր ծառայութիւններուն զուգահեռ յաջողութեամբ աւարտած էր Հալէպի Պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը եւ հետեւած մասնագիտական ուսումնառութեան, նախորդ երեք ամիսներու ընթացքին կը պատրաստուէր ներկայացնել իր աւարտաճառը, արժանանալու համար դոկտորի տիտղոսին։ Այս ընթացքին ընկերուհին կը վարէր «Շահպաա» դրամատան Հալէպի եւ Հոմսի մասնաճիւղերու վարկերու բաժինի տնօրէնութեան պաշտօնը:

Ընկերուհի՛ Նորիկ,

Կեանքի կարճ տարիներ, բայց գործունէութեան եւ նուաճումներու հսկայ ժառանգութիւն ու յուշեր ձգած հեռացար անվերադարձ։ Կորուստիդ ցաւով համակելով քու հարազատներդ, միութենական եւ գաղափարական ընկերներդ ու բոլոր անոնք, որոնք գէթ կարճ պահ մը առիթ ունեցան վայելելու քու խանդավառ, կենսունակ, զուարթ ու բարեհամբոյր էութիւնդ:

Պատանեկան, երիտասարդական, ուսանողական միութիւններու մէջ կազմաւորուած նուիրեալ եւ գաղափարապաշտ դաշնակցականի նկարագրովդ, հեզութեամբդ եւ դժուարութիւններու առջեւ չընկրկող բնաւորութեամբդ բոլորին վստահութիւնն ու յարգանքը վայելեցիր:

Այսօր մենք միայն մարմնիդ հրաժեշտ կու տանք, սակայն հայատրոփ հոգիդ մեզի հետ պիտի մնայ առյաւէտ: Թող Աստուած քեզ արժանացնէ երկնքի արքայութեան եւ հոգիդ հանգչեցնէ իր լուսեղէն յարկերէն ներս:

Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ, ընկերուհի՛ Նորիկ:

Գաղափարակից ընկերներ

 «Գանձասար»