ԱԺ պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեան դուրս եկած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնէն։ Ան այդ մասին յայտարարած է Ազգային ժողովին մէջ` նշելով, որ վար կը դնէ նաեւ ԱԺ հաշուիչ յանձնաժողովի անդամի իր լիազօրութիւնները։
Երէկ յայտնի դարձաւ, որ Աղազարեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնէն հեռացուած է պետական եւ կուսակցական նշանակութեան գաղտնի տեղեկատուութեան արտահոսքերու, ինչպէս նաեւ հանրութեան բարոյական նորմերու կոպիտ խախտումներու պատճառով։
«Երէկ ես ՔՊ վարչութեան որոշմամբ հեռացուել եմ կուսակցութեան շարքերից։ Առիթ կը լինի անդրադառնալու հիմնաւորումներին, սակայն հիմա ուզում եմ ներողութիւն խնդրել կուսակցական իմ ընկերներից որեւէ ժամանակահատուածում իմ վարքով ու քայլով չնչին իսկ վնաս հասցրած մեր թիմի հեղինակութեանը»,- յայտարարած է ան։
Աղազարեան նշած է, որ չի ցանկար իր արդէն նախկին կուսակից ընկերներուն անգամ մը եւս անյարմար վիճակի մէջ դնել ու այս անգամ քննարկել խմբակցութիւնէն զինք հեռացնելու հարցը, այդ իսկ պատճառով ինքն անձամբ կը յայտարարէ, որ դուրս կ'ելլէ ՔՊ խմբակցութիւնէն մեծ ցաւով։
«Տարաբնոյթ, տարբեր մակարդակներով իմ անձին վերաբերուելիք յայտարարութիւններն ու արձանագրումները բոլորը չէ, որ կը ստանան պատասխան, սակայն այն դէպքերում, երբ ես կը պատասխանեմ դրանց, դրանք կը լինեն մէկ մակարդակ ցածր, ոչ հայելային»,- յայտարարած է ան։
Խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեան ԱԺ քարտուղարութենէն խնդրած է Աղազարեանը իրենց խմբակցութեան շարքերէն տեղափոխել մէկ այլ տեղ եւ աթոռ տրամադրել այլ հատուածը։
Յիշեցնենք, որ 15 հոկտեմբերին, խորհրդարանական լսումներու ժամանակ կրքերը թեժացած են, երբ Յովիկ Աղազարեան դիտողութիւն ըրած ՀՀ քննչական կոմիտէի արդէն նախկին նախագահ Արգիշտի Քեարամեանին։
Քեարամեան պատգամաւորէն խնդրած էր փտածութեան դէմ պայքարի, հովանաւորչութեան պարունակին մէջ մեկնաբանել, թէ ինչ ինչով պայմանաւորուած է, որ առնուազն երկու անգամ իրեն դիմած են Աղազարեանի տղայի հետ կապուած քրէական գործով։
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 22 նոյեմբերին, Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ ըսաւ, որ ԱԺ պատգամաւորներ Նարեկ Զեյնալեանէն եւ Յովիկ Աղազարեանէն խնդրած է վար դնել մանտաթները: Նարեկ Զեյնալեան հետեւեցաւ Փաշինեանի յորդորին, իսկ Աղազարեան որոշ ժամանակ անց յայտարարեց, որ մանտաթը վար պիտի չդնէ։