Օրերս Քեսապի մէջ տեղի ունեցած, որպէս գիւղի հոգեւոր հովիւ իր պաշտօնավարութիւնը աւարտած Անթիլիասի երիտասարդ եւ խոստմնալից միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Հայց. Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք եղած լրատւութիւնը մեր ընթերցողաց անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի բարձր տնօրինութեամբ եւ Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշքարեանի հաճութեամբ Քեսապն ունեցած էր նոր հոգեւոր հովիւ մը յանձինն՝ Հոգշ. Տ. Եսայի աբղ. Էօրտէքեանի։
Կազմակերպութեամբ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2023֊ի երեկոյեան, եկեղեցւոյս Սահակեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ողջերթ», գիւղիս հոգեւոր տեսուչ` Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի Քեսապի մէջ իր ծառայական ու հովուական առաքելութեան աւարտման առիթով։
Ներկայ էին հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւները` Գերպ. Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան (Հայ Կաթողիկէ), Պատուելի Շանթ Ակիշեան (Հայ Աւետարանական), միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը։ Բոլորը իրենց սրտի խօսքը փոխանցելով, հայր սուրբին մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ ու բարի երթ։
Նախքան կարկանդակի հատումը, թաղականութեան ատենապետ` Տիար Վիգէն Լնդեան, յանուն Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, նախ երախտագիտական խօսք ուղղեց հայր սուրբին, ապա բոլորին անունով պատարագի զգեստ մը նուիրեց անոր, ի շնորհակալութիւն իր տարած բեղուն ու արդիւնաւէտ աշխատանքին։ Դպրաց դասի անունով` Տիրամայր Մանուշ Արապեան, հայր սուրբին նուիրեց ձեռաց խաչի թաշկինակներ, որուն յաջորդեց Հ.Մ.Ը.Մ.֊ի վարչութեան ատենապետ` Տիար Շանթ Լնդեան, որ հայր սուրբին փոխանցեց յուշանուէր մը։
Առ այդ, Հայր Անդրանիկ խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, իրենց կատարած բոլոր բարեմաղթութիւններուն համար, միշտ փառք տալով Աստուծոյ անցնող երեք տարիներու ծառայական շրջանին համար։ Հայր սուրբը բարձրօրէն գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց թաղական խորհուրդի ու տիկնաց յանձնախումբի անդամ անդամուհիներուն, իրենց կատարած ու պատրաստած սիրոյ սեղանին համար։ Վերջապէս, յուզումնախառն զգացումներով հայր սուրբը սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, խաղաղ ու ապահով օրեր եւ ընդմիշտ վերելք նոր ծրագիրներուն մէջ։