image

Ողբերգական արկած Պէյրութի մէջ.Մահացած է ընտանիքի մայրը, մինչ հայրն ու որդին ծանր վիճակի մէջ են (Լուսանկար, Վիտէօ)

Ողբերգական արկած  Պէյրութի մէջ.Մահացած է ընտանիքի մայրը, մինչ հայրն ու որդին  ծանր վիճակի  մէջ են (Լուսանկար, Վիտէօ)

Ողբերգական  աւարտով  արկած մը գրանցուած է Պէյրութի մէջ։ Այս  մասին   «Արեւելք»  տեղեկութիւնը ստացաւ Պէյրութէն։

Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ    երկու   օր առաջ,   մինչ Սարաֆեաններու ընտանիքը  ուշ  գիշերին տուն կը վերադառնար, Պէյրութի մայրուղիներէն  մէկուն վրայ, երկու  ինքնաշարժներ կը փորձէին մրցումի  մթնոլորտ ստեղծելով իրար  խանգարել. Լեւոն Սարաֆեան, որ      ինքնաշարժը կը վարէր, փորձած է  խոյս  տալ      մրցումի  ելած  երկու ինքնաշարժներէն, սակայն  չէ  կարողացած     տիրապետել   իրավիճակին,  որուն հետեւանքով ալ   ծանր   վնասներ ստացած   ինքնաշարժին մէջ     արկածէն քիչ  անց իր հոգին աւանդած է ընտանիքի մայրը՝  Յասմիկ  Սարաֆեանը։

Կը նշուի, որ Լեւոնն ու  իր որդին՝  Գէորգը   փոխադրուած են հիւանդանոց եւ մինչեւ այս լուրին   պատրաստուիլը անոնք կը շարունակեն մնալ ծանր  վիճակի մը մէջ։

Սարաֆեաններու ընտանիքը կը բաղկանար   4  անձերէ   եւ այդ  օր  ընտանիքի  երեց  զաւակը   բացակայ  եղած է  այդ  առիթէն։


 

Arevelk.am-ի լուսանկարը:

 

Arevelk.am-ի լուսանկարը: