Ողբերգական արկածի հետեւանքով մահացած են Սեմեր աւանի հայ բնակիչներէն Պետրոսեան ընտանիքի 8 անդամները։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Տըհոքի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նշեց, որ արկածը տեղի ունեցած է շաբաթ ուշ երեկոյեան, երբ Պետրոսեան ընտանիքի 11 անդամները Ալ Ղոշ աւանէն որոշած էին վերադառնալ դէպի իրենց բնակավայրը՝ Սեմեր շրջան։
Անոնց ինքնաշարժը բախած է մեծ բեռնակառքի մը, որուն հետեւանքով վարորդը ՝ Ստեփան Աշոտ Ապտո Պետրոսեան , կինը Մէյի Մուլոտ Մըլքի-Պետրոսըան, վարորդի հայրը՝ Աշոտ Ապտո Պետրոսեան, զաւակները Անելա,Արեւ,Էլենա, Հայաստան եւ Միրո։
Կը հաղորդուի, որ ինքնաշարժին մէջ եղած են նաեւ նոյն ընտանիքի անդամ երեք այլ զաւակներ, որոնք փոխադրուած են հիւանդանոց եւ կը գտնուին բժշկական խնամքի տակ (տակաւին անոնցմէ մէկուն վիճակը կը գնահատուի ծանր)։
Նշենք, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի Տհոք քաղաքի ծայրամասային հատուածին գտնուող եւ Սեմեր շրջանը Ալ Ղոշ աւանին կապող ճանապարհը , որ յայտնի է Ալ Ղոշի ճանապարհ անունով լքուած վիճակ մ՚ունի եւ այդ պատճառով ալ այնտեղ կը գրանցուին մահաբեր արկածներ, եւ այդ պատճառով ալ ան կոչուած է «Թարիք ալ մոթ» («Մահուան ճանապարհ»)։
Հանգուցեալներու վերջին հրաժեշտի եւ թաղման արարողութիւնը կատարուած է կիրակի օր Հայց. Առաքելական Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ մէջ
Ձեռամբ՝ համայնքի քաջարի հոգեւոր հովիւներ ՝ Արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանի եւ Արժ. Տ. Ադամ քհնյ. Մովսիսեանի։