Անտարակոյս, Հայաստանին ու Արցախին պարտադրուած զինադադարի նուաստացուցիչ պայմանագիրը յառաջացուցած է համայն հայութեան արդարացի ցասումն ու խոր ընդվզումը: Ամբողջ 43 օրեր, հայ քաջարի զինուորն ու կամաւորը, գերագոյն զոհողութեան գնով, արիաբար ու բազում սխրանքներ գործելով պաշտպանեց հայրենիքի ամէն մէկ թիզ հողը, սակայն դժբախտաբար չկարողացաւ յաղթահարել՝ իրմէ սպառազինութեամբ ու քանակով տասնապատիկ գերակայութիւն ունեցող թշնամիներու՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ առաւելութիւնը: Մենք կը խոնարհինք մեր նահատակուած հերոսներու յիշատակին առջեւ ու մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոնց հարազատներուն եւ համայն հայ ժողովուրդին:
Միւս կողմէ, դատելով Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութեան պաշտօնական յայտարարութիւններէն եւ ներկայացուցած փաստարկներէն, յստակ կը դառնայ, որ այս զինադադարին այլընտրանքը ոչ միայն ամբողջ Արցախի անմիջական կորուստն էր, այլ մեր սահմանները տակաւին պաշտպանող հազարաւոր հայ զինուորներու պաշարման ու ջարդի ենթարկուելու իրական վտանգը:
Միանշանակ է, որ դէպքերու այս աղիտալի ընթացքի ու զարգացումներու ամբողջական պատասխանտուութիւնը կը կրէ ներկայ կառավարութիւնը, որ երբ պահը գայ հաշուետու կը դառնայ ժողովուրդի կամքին: Սակայն, որքան ալ դառն ըլլայ հայ քաջարի զինուորի ու ազատամարտիկի արեան գնով ազատագրուած տարածքներու կորուստը, ստեղծուած իրավիճակը կը պարտադրէ մեզ ըլլալ խոհեմ, կշռադատուած եւ իրապաշտ:
Հասկնալի է ժողովուրդի վրդովմունքը և յուսախաբութիւնը ի տես այս անսպասելի շրջադարձին, սակայն անընդունելի եւ դատապարտելի է ստեղծուած ծանր իրավիճակի շահարկումը՝ յանուն քաղաքական յետին նպատակներու, որ ոչ միայն կ'ապակայունացնէ երկիրը այլ ալ աւելի կը թուլացնէ մեր պետականութիւնը: Վերջ ի վերջոյ, պիտի գիտակցինք, որ պատերազմը դեռ աւարտին հասած չէ եւ իրաւունքը չունինք թշնամին հետ բանակցային սեղան նստելու ջլատուած ու պառակտուած:
Միւս կողմէ, մեր առջեւ ծառացած են բազում ծանր մարտահրաւէրներ, սկսեալ պատերազմի պատճառած մարդկային եւ նիւթական հսկայական վնասներու դարմանումի աշխատանքներէն մինչեւ նոր գաղթականական ճգնաժամի յաղթահարումը: Իսկ այս բոլորը պիտի կարօտին երկարամեայ հետեւողական եւ տիտանական աշխատանքի, որ անհնար պիտի ըլլայ իրականացնել առանց միասնականութեան եւ հաւաքական կարողականութեան գերլարումի:
Ի տես այս բոլորին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կոչ կ'ուղղէ մեր հայրենակիցներուն հեռու մնալ իրավիճակը սրող ծայրայեղ քայլերէ:
Կոչ կ'ուղղենք նաև իշխանութիւններուն ցուցաբերել առաւելագոյն զսպուածութիւն և հանդուրժողականութիւն՝ իրենց խօսքի ազատութեան իրաւունքէն օգտուող քաղաքացիներու նկատմամբ, գործել բացառապէս ժողովրդավարական սկզբունքներու համաձայն և միջոցներ ձեռք առնել մեղմելու համար առկայ շիկացած մթնոլորտը:
Պահը օրհասական է ու Հայաստանի եւ Արցախի ապագան կը պարտադրէ բոլորիս ըլլալ զգօն, որպէսզի նուազագոյն ցնցումներով դուրս գանք ներկայ վտանգաւոր իրավիճակէն ու ազգովին լծուինք մեր ցաւերը ամոքելու ու Հայրենիքը վերականգնելու երկարաշունչ աշխատանքին:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն
11-11-2020