Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) էջէն կը կարդանք՝
Վեր. Դոկտ. Փիթըր Պ. Տողրամճի ծնած է Հալէպ, 1929 Յունիս 18ին։ Իր հօրը կանխահաս մահէն ետք, իր մեծհայրը եւ մեծմայրը զինք մեծցուցած են Հալէպի Հայ Աւետարանական համայնքին մէջ։ Դպրոցական ուսումը իր ծննդավայրին մէջ ստացած է, իսկ բարձրագոյն եւ աստուածաբանական ուսումը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցէն. ետքը շարունակած է իր ուսումը Հարվըրտ Աստուածաբանական Դպրոց (Ա.Մ.Ն.), եւ Դոկտորականը (Ph.D.) Փրինսթըն Աստուածաբանական Ճեմարան (Ա.Մ.Ն.)։
Ձեռնադրուած (1955ին) Սուրիոյ եւ Լիբանանի Ազգային Աւետարանական Եկեղեցիի կողմէ, Վեր. Տողրամճի եկեղեցական եւ ակադեմական ծառայութիւն ըրած է Միջին Արեւելքի դաշտին մէջ, ինչպէս Ա.Մ.Ն.ի մէջ։ Հալէպ Գոլէճի մէջ աստուածաբանական նիւթեր կը դասաւանդէր, եւ անոր առաջին տեղացի նախագահը եղաւ։ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցի կաճառի մէջ ըլլալով դասատու էր մինչեւ իր մեկնումը Ա.Մ.Ն. 1970ին։
Վեր. Տողրամճի իր եկեղեցական ծառայութիւնը սկսած է Հասաքէէն (Սուրիա) եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն ունեցաւ նաեւ Ա.Մ.Ն.ի մէջ, Ֆիլատէլֆիայէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս եւ Նիւ Եորք։ Ամերիկեան յարանուանութեան մը (United Church of Christ) առաջին ոչ-ամերիկածին շրջանային հովիւը եղաւ, իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Ատենապետը եւ Գործադիր Տնօրէնը եղաւ, ինչպէս նաեւ Գործադիր Քարտուղար՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան։
Վեր. Տողրամճին հինգ լեզու հմտութեամբ գիտեր եւ կը քարոզէր այդ լեզուներով։ Ան նաեւ երեք գիրք եւ բազմաթիւ յօդուածներ գրած է։ Յաճախ կը հրաւիրուէր դասախօսութիւն տալու զանազան պատմական, աստուածաբանական եւ կամ միջ-կրօնական թեմաներու մասին։ Իր ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ ուսուցիչի հոգիով կը գործէր մինչեւ գրեթէ իր կեանքին վերջին ամիսներուն։
Ամուսնացած էր Մարի Պետիկեանի հետ, որ այս տարուայ 1 Մարտին մահացաւ, եւ ունէր երեք զաւակ՝ Քարլ, Փօլ եւ Ճէյմզ, եւ եօթը թոռ ու երկու ծոռ։ Վեր. Տողրամճի իր մահկանացուն կնքեց 14 Յունիս 2023ի, Ֆիլատելֆիայի շրջանի հիւանդանոցի մը մէջ։
Թող Աստուած օրհնէ Վեր. Տողրամճիի ծառայութեան վաստակը, եւ մխիթարէ իր զաւակները եւ անոնց ընտանիքները։ «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ, ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։ (Եբր. 6.10)