image
Հրատապ լուրեր:

Ո՞րն է պատճառը, որ 2020-ի պատերազմէն ետք առաջնագիծը կահաւորուած չէ․ հարց Պապիկեանին

Ո՞րն է պատճառը, որ 2020-ի պատերազմէն ետք առաջնագիծը կահաւորուած չէ․ հարց Պապիկեանին

Հայաստանի ռազմական ղեկավարութիւնը ամէն ինչ կ'ընէ պաշտպանական սահմանները ամրապնդելու, նոր ամրաշինական եւ ճարտարապետական կառոյցներ կառուցելու համար։ Այսօր խորհրդարանէն ներս կառավարութեան նախորդ տարուան ծրագրի կատարման քննարկման ժամանակ այս յայտարարութիւնը ըրած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը։

Պատասխանելով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեանի՝ առաջնագիծի անմխիթար վիճակի մասին դիտարկման` նախարարը յայտարարած է, որ այդ գիծը բնաւ կատարեալ վիճակի մէջ չէ, եւ ոչ ոք աչք կը փակէ այդ փաստի վրայ։

«Ի հարկէ, առաջնագծում ամէն ինչ այնպէս չէ, ինչպէս ես կը ցանկանայի առաջին հերթին որպէս պաշտպանութեան նախարար։ Բայց ամէն ինչ արւում է, որպէսզի առաջնագիծն օր առաջ աւելի ամուր լինի։ Նախկինում փակ քննարկման ժամանակ ներկայացրել եմ աշխատանքների ծաւալն ու բնոյթը։ Այդ աշխատանքները շարունակւում են»,- նշած է Պապիկեան։

Ան աւելցուցած է, որ պաշտպանական գիծը յատկապէս Ատրպէյճանի սանձազերծած սեպտեմբերեան մարտերէն ետք լիարժէք եւ ամբողջական կահաւորման կարիք ունի: Խօսքը, ի թիւս այլ բաներու, նաեւ թիկունքային որոշ ենթակառուցուածքներու ստեղծման մասին է։ Ընդհանուր առմամբ բանակին մէջ հսկայական աշխատանք կը սպասուի, եւ Պապիկեան, որ ստանձնած է պատասխանատւութիւնը, մտադիր է աւարտին հասցնել իր սկսածը։

Նախարարը նշած է, որ վերջին քանի մը տարուան ընթացքին հարիւրաւոր քիլոմեթրեր դաշտային եւ բարձրլեռնային ճանապարհներ կառուցուած են, որոնք կը տանին դէպի առաջաւոր ամրութիւններ: Կառուցուած են նաեւ հարիւրաւոր յենակէտեր։ Պապիկեան շեշտած է, որ պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն փաստը, որ այս ընթացքին եղած են մագլցումի որոշ դէպքեր, որոնց պատճառով գիծը փոխուած է եւ ոչ յօգուտ Հայաստանի։ Ժամանակ առ ժամանակ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ստիպուած կ'ըլլայ նոր առաջնագիծ ստեղծել, այնուամենայնիւ, միջոցներն ու հնարաւորութիւնները բաւարար են որակական փոփոխութեան համար։