2020-2023 թուականներու հակամարտութեան սրացումներու հետևանքով 429 անձ դեռ անյայտ կորսուած կը համարուի։ Այս մասին յայտնած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէէն (ԿԽՄԿ), ընդգծելով, որ այս թիւն ընտանիքներու կողմէ ստացուած դիմումներու հիման վրայ կազմուած է։
Կոմիտէէն նշած են, որ 2024-ի ընթացքին մօտ 1,290 զանգ եւ այց կատարած են Երեւանի եւ Գորիսի գրասենեակներուն մէջ` հակամարտութեան սրացումներու հետեւանքով ընտանիքներու բաժանման առնչութեամբ։
«62 ընտանիք դիմել է մեզ՝ իրենց անյայտ կորած հարազատների ճակատագիրը պարզելու խնդրանքով, եւ բացել որոնման յայտեր։
Մենք շարունակում ենք աշխատել համապատասխան կառոյցների հետ՝ որոնման եւ նոյնականացման գործընթացը դիւրացնելու եւ ընտանիքներին յուզող հարցերին պատասխաններ տալու ուղղութեամբ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Կոմիտէէն նաեւ յայտնած են, որ 557 բանաւոր, տեսաձայնային եւ գրաւոր Կարմիր խաչի հաղորդագրութիւններ փոխանակուած են հակամարտութեան առնչութեամբ ազատազրկուածներու եւ անոնց ընտանիքներու միջեւ։ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կանոնաւոր կերպով կ՚այցելէ պահուող անձանց՝ դիտարկելով ազատազրկման պայմանները եւ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ նպաստելով հարազատներու հետ անոնց կապի պահպանման։