18 Օգոստոսի 2021-ին՝ ժամը 23:20-ին, ահազանգ ստացուած է այն մասին, որ Երեւան քաղաքի Բակունցի փողոցի շէնքերէն մէկու բակին մէջ վիճաբանութիւն եղած է եւ լսուած է կրակոց:
Յաջորդ օրը՝ ժամը 00:05-ին «Հերացի թիւ 1» համալսարանական հիւանդանոցէն հաղորդում ստացուած է այն մասին, որ «աջ սրունքի բաց հրազէնային վիրաւորումով» ախտորոշմամբ բուժօգնութեան տեղափոխուած է Երեւան քաղաքի 50-ամեայ բնակիչ:
Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու քննչական բաժնէն ներս յարուցուած է քրէական գործ:
Կատարուած է դէպքի վայրի զննութիւն, որու ժամանակ յայտնաբերուած եւ վերցուած է արնանման հետք, փամփուշտի գնդակ եւ այլ առարկաներ:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: Կը ձեռնարկուին միջոցառումներ՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու, առարկայական, բազմակողմանի քննութիւն ապահովելու ուղղութեամբ: