image

Երեւանի մէջ կրակոցներ. Կայ վիրաւոր

Երեւանի մէջ կրակոցներ. Կայ վիրաւոր

20 յուլիսին, կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ: Ժամը 13:30-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժինը  տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Արամ Խաչատրեան 23 շէնքի բակին մէջ կրակոցներ հնչած են եւ կայ վիրաւոր:

Ըստ Shamshyan.com-ին, հիւանդանոց մեկնած ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժինի քրէական հետախուզութեան եւ անչափահասներու գործերով բաժանմունքներու պետերը ճշդած են, որ վիրաւորը Երեւանի բնակիչ 38-ամեայ Վարդան Դաւթեանն է:

Դէպքի վայրէն քիչ մը անդին ոստիկաններն ու պարեկները յայտնաբերած են «Honda» մակնիշի ինքնաշարժ, որու վարորդի նստատեղին վրայ յայտնաբերուած են արիւնի նման հետքեր, իսկ ինքնաշարժին սրահին մէջ առկայ են կրակոցի հետքեր:

Դէպքի վայրը հաւաքուած  քաղաքացիները ըսած են, որ վիրաւորը ծանրամարտի Հայաստանի նախկին ախոյեան է: