image

Վերմիշեան պիտի շարունակէ կալանքի տակ մնալ

Վերմիշեան պիտի շարունակէ կալանքի տակ մնալ

Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ դատաւոր Տիգրան Սահակեանի նախագահութեամբ, մերժած է Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախկին նախագահ Վահագն Վերմիշեանի կալանքի ժամկէտը եւս երկու ամիսով երկարացնելու որոշման դէմ պաշտպանի բողոքը: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Վերմիշեանի պաշտպան Մուշեղ Առաքելեանը։

Առաքելեան յայտնած է, որ կը պատրաստուի վճռաբեկ բողոք ներկայացնել դատարանի որոշման դէմ։

Ան յայտնած է, որ բողոքի հետ միաժամանակ ներկայացուցած են ԵԽ-ի՝ համավարակով պայմանաւորուած կալանաւորը ազատ արձակելու յայտարարութիւնը. «Վերմիշեանը տարիքային առումով ռիսքային խումբի մէջ կը գտնուի։ Այդ նոյնպէս բարձրաձայնած եմ դատարանին մէջ»։

Նշենք, որ Վերմիշեանին մեղադրանք առաջադրուած է առանձնապէս խոշոր չափի կաշառք ստանալու համար:

ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեանին առաջադրուած՝ կաշառք ստանալու վերաբերեալ քրէական գործով մեղադրանք առաջադրուած է եւս 6 անձի։ Դատարանի որոշման հիման վրայ` անոնցմէ երեքի նկատմամբ խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը: Նոյն քրէական գործով կ'անցնի նաեւ Երեւանի քննչական վարչութեան նախկին պետ Ճոն Ֆարխոյեանը, որուն նկատմամբ դատարանը կիրառած էր այլընտրանքային խափանման միջոց՝ գրաւը: