image

«Վերլուծութիւնը ցոյց է տալիս, որ առաջիկայ օրերին ԼՂ-ում այլեւս հայ չի մնայ». Նիկոլ Փաշինեան

«Վերլուծութիւնը ցոյց է տալիս, որ առաջիկայ օրերին ԼՂ-ում այլեւս հայ չի մնայ». Նիկոլ Փաշինեան

Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ելքը Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուող էթնիք զտումներու քաղաքականութեան հետեւանքով կը շարունակուի, այս մասին կառավարութեան նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ըստ վարչապետի, վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ առաջիկայ օրերուն ԼՂ-ի մէջ այլեւս հայ չի մնար։

«Սա էթնիկ զտման ու հայրենազրկման ուղղակի ակտ է ու այն, ինչի մասին մենք երկար ժամանակ ահազանգում էինք միջազգային հանարութեանը»,- ըսած է ան։

Վարչապետը նշած է, թէ միջազգային տարբեր խաղացողներու կողմէ ԼՂ-ի մէջ տեղի ունեցող էթնիք զտումները դատապարտող յայտարարութիւնները կարեւոր են, բայց եթէ ատոնց չհետեւին յստակ գործողութիւններ, այդ յայտարարութիւններն ընդամէնը պատմութեան համար բարոյական վիճակագրութիւն ստեղծելու շարքին կը դիտուին, որ հետագային տարբեր երկիրներ իրենց այս յանցագործութենէն պաշտօնական առոմով տարանջատելու հնարաւորութիւն ունենան՝ ըսելով՝ «դե, մենք դատապարտել ենք»։

«Եթէ դատապարտման մասին յայտարարութիւններին համարժէք քաղաքական ու իրաւական բնոյթի որոշումներ չեն հետեւում, դատապարտումները դառնում են տեղի ունեցողին համաձայնուելու ակտեր»,- նշած է Փաշինեանը։

«Ինչ վերաբերում է ՀՀ Կառավարութեան, մեր այսօրուան առաջնային պարտքն է հնարաւորինս հոգատար կերպով ընդունել ԼՂ-ից բռնի տեղահանուած մեր քոյրերին ու եղբայրներին ու ապահովել նրանց ամենահրատապ կարիքները»,- ըսած է վարչապետը: