image

Վեր. Փօլ Հայտօսթեանի շնորհաւորական այցը ՝ Միշէլ Ժալըխ Մարոնի եպիսկոպոսին

Վեր. Փօլ Հայտօսթեանի շնորհաւորական այցը ՝ Միշէլ Ժալըխ Մարոնի եպիսկոպոսին

Օրերս Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) եւ Հայկազեան Համալսարանի անունով նորաօծ մարոնի եպիսկոպոս Միշէլ Ժալըխին շնորհաւորական այց մը տուած է Վեր. Փօլ Հայտօսթեան։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ՄԱՀԱԵՄ-ի պաշտօնական էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) կողմէ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան Համալսարանի կողմէ, Վեր. Փօլ Հայտօսթեան Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Բաժանմունքի Քարտուղարը, Արժանապատիւ Եպս. Միշէլ Ժալըխ, Անթոնին Մարոնի Միաբանութեան Մար Ռուքոզ Վանքին մէջ, Տըքուանէ (Լիբանան) շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ, Եպս. Ժալըխի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Պքըրքիի մէջ, 8 Յունիս 2024ին։ Վատիկանի իր նշանակումէն առաջ, Եպս. Ժալըխ ծառայած է որպէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը, եւ ետքը որպէս Լիբանանի Անթոնին Համալսարանի Տեսուչ։ Վեր. Ժիրայր Ղազարեան ընկերակցեցաւ Վեր. Հայտօսթեանի՝ այցելութեան ընթացքին։