image

Վենեզուելայի նախագահը ռուսական «Սփութնիք V» պատուաստն ստացաւ. Անոր վիճակը կայուն է

Վենեզուելայի նախագահը ռուսական «Սփութնիք V» պատուաստն ստացաւ.  Անոր վիճակը կայուն է

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն յայտնած է, որ ռուսական «Սփութնիք V» պատուաստանիւթով պատուաստուելէ ետք իրեն լաւ կը զգայ եւ կողմնակի բարդութիւններ ի յայտ չեն եկած, կը հաղորդէ ria.ru-ն։

«Պատուաստումէն ետք ինծի լաւ կը զամ։ Գրեթէ միշտ, երբ պատուաստանիւթ կը ներարկեն, ջերմաստիճանի կամ վատ ինքնազգացողութեան տեսքով բարդութիւններ ի յայտ կու գան: Իմ մօտ, օրինակ, քնկոտութիւն եւ գլխապտոյտ կար, սակայն հիմա արդէն հանգստացայ եւ գերազանց կը զգամ»,- ըսած է Մատուրոն:

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ ռուսական «Սփութնիք V»-ով պատուաստուած է նաեւ Մատուրոյի կինը՝ Սիլիա Ֆլորեսը։