Երէկ՝ 6 դեկտեմբերին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ Ժամը 17։45-ի սահմաններուն «Վարդենիս» հիւանդանոցէն ոստիկանութեան Վարդենիսի բաժին ահազանգ եղած է, որ բժիշկներու հերթապահ խումբը կանչով մեկնած է Վարդենիս քաղաքի Բանաւան թաղամասի տուներէն մէկը, ուր նկուղին մէջ յայտնաբերած են կնոջ կախուած դի։
Ինչպէս յայտնած է shamshyan.com-ը, ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը Գեղարքունիքի մարզի բնակիչ՝ 41-ամեայ Անուշ Հ-ն էր, որ տան նկուղի մուտքի վերի ամրանէն պարանով կախուելու միջոցով ինքնասպան եղած է։
Դիակի արտաքին զննութեամբ՝ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։