ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Սիւնիքի մարզ ուղեւորուած է՝ բնակիչներու աչքին նայելով անոնց հարցերուն պատասխանելու, անհրաժեշտ բացատրութիւններ տալու, այլ ոչ թէ կիրքեր բորբոքելու համար։ Այս մասին դիմատետրեան ուղիղ տեսակապով, սիւնեցիներուն դիմելով, ըսած է վարչապետը։ Անոր այցին ընդառաջ Սիւնիքի մէջ լարուած իրավիճակ է։
Վարչապետը կրկին հաւաստիացուցած է, որ Սիւնիքի մարզէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն, ոչ մէկ միլիմեթր հող պիտի չզիջի։
Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։