image

Վանտալիզմ «Կարմիր բերդ»ի մօտ. Կոտրած են որմնաքարեր (Լուսանկար)

Վանտալիզմ «Կարմիր բերդ»ի մօտ. Կոտրած են որմնաքարեր (Լուսանկար)

ՀՀ Կոտայքի մարզի Զովունի համայնքին մէջ հաշուառուած ամրոց Կարմիր բերդ (Ք․ա. 2 հազ․-միջնադար, պետ․ ցուցիչ՝ 6․29․1) պետական սեփականութիւն համարուող հանրապետական նշանակութեան յուշարձանի պահպանական գօտիի տարածքին մէջ իրաւախախտման դէպք արձանագրուած է։

ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան Պահպանութեան Ծառայութիւն ՊՈԱԿ-էն յայտնած են, որ անյայտ անձը կամ անձիք կատարած են հողաքանդման աշխատանքներ՝ փորուած են փոսեր, կոտրուած են որմնաքարեր, յայտնաբերուած են ոսկորներու բեկորներ։

Դէպքի մասին Պատմական միջավայրի պահպանութեան Կոտայքի մարզային ծառայութեան  տեղեկացուցած են պատմական յուշարձանի տարածք այցելած արշաւականները։

ԿԳՄՍ նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ը դէպքի առթիւ դիմած է ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկութիւն՝ իրաւախախտները յայտնաբերելու եւ օրէնքով սահմանուած կարգով պատասխանատւութեան ենթարկելու համար։

Պատմական ակնարկ Կարմիր բերդի մասին.-

Յուշարձանախումբը բաղկացած է ամրոցէ, դամբարանադաշտէ, ժայռապատկերներէ, սեպագիր արձանագրութենէ եւ հին քարէ դարու երկու քարայր-կացարանէ։  6․3 հեքթար տարածքով ամրոցը կառուցուած է  Հրազդան գետի աջակողմեան բարձր հրուանդանի վրայ եւ եզերուած է հրուանդանի պարագիծով ձգուող պարսպաշղթայով։  Պրոնզեդարեան ամրոցի մուտքը կը գտնուի հիւսիս-արեւմտեան մասին մէջ՝ Եղուարդաջուր  գետակի աջ ափին։ Մուտքի մօտ հսկայ քարի վրայ փորագրուած է անընթեռնելի սեպագիր արձանագրութիւն։

Ամրոցի մէջ պահպանուած են պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարու հելլենիստական եւ միջնադարեան բնակելի տուներու եւ կառոյցներու աւերակներ։

Ամրոցէն հարաւ-արեւմուտք կը տարածուի միջին եւ ուշ պրոնզի ու վաղ երկաթի դարերու դամբարանադաշտը, որու վրայ այժմ կը գտնուի Զովունի գիւղը։