Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Վան) Թրքական «Տէյլի Սապահ»ը կը տեղեկացնէ, թէ մօտ 40 հնագէտներ պեղումներու շրջանի մը մէջ յայտնաբերած են 2800 տարեկան կարասներ, որոնք բոլորը եղած են խոյաձեւ մեծ պահեստներու մէջ: Ըստ տեղեկութեան կարասները կը գործածուէին որպէս դամբարաններ, Ուրարտական թագաւորութեան տիրապետութեան ընթացքին, կեդրոնացած Վանայ լիճին շուրջ, հիմնուած 860 թուականին նախքան Քրիստոս:Պոլսոյ համալսարանի հնագիտական խումբը, Վանի շրջանին մէջ, հինգ տարուան ընթացքին, ամէն տարի կը շարունակէ իր պեղումները յայտնաբերելու Ուրարտական թագաւորութեան հնութիւնները, որ տիրած էր շրջանին մինչեւ կործանումը Մետեսներու կողմէ 590 թուական նախքան Քրիստոս:Հնագիտական խումբի կողմէ յայտնաբերուած 2800 տարեկան կարաս- դամբարանները գործածուած են, որպէս թաղման խցիկներ, որոնք նոյն ատեն թագաւորութեան կարգ մը սովորութիւններու մասին տեղեկութիւն կու տան: