Թուրքիոյ Սամսուն քաղաքին մէջ շուրջ 50 տարի դարբնագործութեամբ զբաղուող Իպրահիմ Կէրմին իր պապէն ժառանգութիւն ստացած է 150-ամեայ պատմութիւն ունեցող երկաթէ դուռ մը: Թրքական «Hürriyet» թերթի կայքի տեղեկացմամբ, որպէս պատմամշակութային արժէք գրանցուած այս դուռը պատրաստուած է հայ դարբիններու կողմէ, սակայն դռան վրայ հեղինակի մասին որեւէ գրութիւն չէ պահպանուած:
Այս պատմական երկաթեայ դռան վրայ քանդակուած է Մարիամ Աստուածածնի պատկերը: Այդ պատճառով ստեղծագործութիւնը գրաւած է նաեւ տեղի կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայի ուշադրութիւնը: Քահանան առաջարկած է իրեն վաճառել դուռը կամ Աստուածածինի քանդակը, սակայն Կէրմին չէ համաձայնած: Դուռը գնել ուզեր են նաեւ պատմական արժէքներով հետաքրքրուող շարք մը այլ անձինք, սակայն դարբինը հրաժարած է այն վաճառելէ:
«Այս դուռը հայերու ժամանակներէն մնացած է: Պապս այն պահպանած է: Սա պատրաստող դարբինը այնպիսի վարպետութեամբ շինած է, որ ես, որպէս արհեստաւոր, կը նախանձիմ: Բոլոր անկիւնները միլիմեթրի ճշտութեամբ նոյնն են: Հայ վարպետը շատ լաւ գործ ըրած է: Իսկ դռան վրայ եղած փականի նմանը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ այլեւս չկայ: Այսպիսի դուռեր պատուիրուած են՝ սուլթաններու ու արքաներու հիւրընկալած վայրերուն մէջ օգտագործելու համար»,- կը պատմէ Կէրմին:
Վարպետը կը նշէ, որ 250 քկ կշռող այս դուռերէն ընդամէնը երկու օրինակ գոյութիւն ունի, երկուքն ալ իր մօտ են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը 2 մեթր 40սմ բարձրութիւն ունի: Դուռերուն համար տարբեր գնորդներ առաջարկած են մինչեւ 30.000 լիրա, սակայն ան անդրդուելի մնացած է:
65-ամեայ Իպրահիմ Կէրմիի խօսքով՝ այս ստեղծագործութիւնը իրեն համար ամենաթանկ ընտանեկան ժառանգութիւնն է եւ ան պատրաստ չէ զայն վաճառել: Աւելին, դարբինը յորդորած է իր որդիներուն ու թոռներուն՝ նոյնպէս երբեւէ չվաճառել այս իւրայատուկ պատմական ստեղծագործութիւնը: