image
Հրատապ լուրեր:

Արտակարգ դէպք Սեւանի մօտ. Յայտնաբերուած է 73 տարեկան մարդու դի

Արտակարգ դէպք Սեւանի մօտ. Յայտնաբերուած է 73 տարեկան մարդու դի

2 Հոկտեմբերին առեղծուածային դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ Ժամը 13։40-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Սեւանի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Սեւանի վարչական շրջանին մէջ գտնուող «Աստղիկ» լողափին մէջ տղամարդու դի կայ։

Ինչպէս կը յայտնէ Shamshyan.com-ը, ոստիկաններն ու քննիչները նշուած լողափին մէջ յայտնաբերուած են Հրազդան քաղաքի Կեդրոն թաղամասի բնակիչ՝ 73-ամեայ Սահակ Սահակեանի դին, որուն մարմինը ջուրէն դուրս հանելով՝ պարզած են, որ բերանը եւ թեւերու որոշ հատուած կպչուն ժապավէնով կապուած է։

Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը ձեռնարկած են անհրաժեշտ հետախուզական եւ քննչական համատեղ գործողութիւններ՝ առեղծուածային այս դէպքն ամբողջութեամբ բացայայտելու ուղղութեամբ։