Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը Ազգային Ժողովի աշխատակազմին պատգամաւորական մանտաթը վայր դնելու դիմում ներկայացուցած է:
Յիշեցնենք, որ Վանեցեանը Ապրիլ 17-էն փողոցային պայքար սկսած էր, որուն յետոյ միացածլ էին իր ընդդիմադիր գործընկերները: Ան նաեւ յայտարարած էր, որ ԱԺ պիտի չվերադառնայ այնքան ժամանակ, քանի դեռ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական չէ տուած:
Նշենք նաեւ, որ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի նախընտրական ցուցակով յաջորդ թեկնածուն Մարտուն Գրիգորեանն է, որ կիւմրեցի է` նախկին ԲՀԿ-ական երեսփոխան եւ Կիւմրու քաղաքապետի թեկնածու: