image

Վահագն Խաչատուրեան առաջադրուած է ՀՀ նախագահի պաշտօնին

Վահագն Խաչատուրեան առաջադրուած է ՀՀ նախագահի պաշտօնին

Առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 125-րդ յօդուածի 3-րդ մասով եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 139-րդ յօդուածի 2-րդ եւ 4-5-րդ մասերով` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ քառորդը Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրած է Վահագն Գառնիկի Խաչատուրեանը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային ժողովի հասարակայնութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան վարչութենէն:

Նշենք, որ Խաչատուրեանի թեկնածութիւնը առաջադրած է «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը: