image

Վաղը առաւօտ պիտի հաւաքուինք կառավարութեան շէնքի մօտ. Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց ընդդիմութեան վաղուայ ընելիքները

Վաղը առաւօտ  պիտի հաւաքուինք կառավարութեան շէնքի մօտ. Իշխան Սաղաթէլեան  յայտարարեց ընդդիմութեան վաղուայ  ընելիքները

Այսօր երեկոյեան, Արաբկիր վարչական շրջանի Վահագն Դաւթեանի այգիի (Պրահայի այգի) մօտէն մեկնարկած է Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիներու քայլերթը։

 

Երթը ընթացած է Հրաչեա Քոչար փողոցով, Բաղրամեան պողոտայով եւ հասած Ֆրանսայի հրապարակ, ուր տեղի ունեցած է անհնազանդութեան հաւաքը:

 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի  ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան, ամփոփելով այսօրուայ հաւաքը , յայտարարած է, որ վաղը՝ ժամը 11:30-ին, պիտի հաւաքուին Կառավարութեան շէնքի մօտ՝ թոյլ չտալու, որ Փաշինեան տեղաշարժի, իսկ 18:30՝ Արամ Մանուկեանի արձանի մօտ ու երթով շարժին դէպի Դատախազութեան, ապա Ոստիկանութեան շէնքի մօտ։

 

Յիշեցնենք, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»–ը 20 Փետրուարին, մեծ հանրահաւաք կատարած էր, որու ժամանակ յայտարարած էր, որ կը վերսկսին խաղաղ անհնազանդութեան հաւաքները։