image

Վա՛րձքդ կատար, տիկի՛ն Մարօ

Վա՛րձքդ կատար, տիկի՛ն Մարօ

Տիկին Մարոյի անժամանակ մեկնումով մինչեւ այսօր չեմ կրցած հաշտուիլ ու իրողութիւնը ըմբռնել: Տակաւին ամիսներ առաջ Լիբանան այցելած էր, երբ հանդիպեցանք, զրուցեցինք, անցեալի դրուագները վկայակոչեցինք: Ան անդրադարձաւ իր ուսուցչական ասպարէզին եւ գոհունակ ժպիտով ու հպարտութեամբ արտայայտուեցաւ իր դաստիարակած սերունդներուն ձեռք բերած արդիւնքներով ու նուաճումներով:

Տիկին Մարոն Այնճարի «Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի անգլերէն լեզուի ուսուցիչն էր ու իր մանկավարժական հմտութեամբ իրերայաջորդ սերունդներու անգլերէն լեզուի ու գրականութեան հիմքերը աշակերտութան մէջ  լաւագոյնս դարբնողը: Ան բծախնդիր էր ոչ միայն քերականական ու լեզուական նրբութիւններու ամբողջական կիրարկումին, այլ նաեւ` հնչիւններու ձայնային ճշգրտութեան ու նաե՛ւ լեզուամտածողութեան: Ժպիտը մի՛շտ անպակաս էր իր դէմքին վրայ, սակայն դասապահերու ընթացքին կարգապահութիւնն ու լռութիւնը տիրապետող էին:

Դասարանի դաստիարակին հետ առաւօտեան 15 վայրկեան տեւող ամէնօրեայ հանդիպումները եւ զրոյցները իր ներկայութեամբ տարբեր համ ու հոտ ունէին: Այդ հանդիպումներուն իր փոխանցած խրատները եւ մարդկային արժէքներու մասին տուած լուսաբանութիւնները, բարոյախօսական մթնոլորտը մեզի համար կը դարձնէին հետաքրքրական: Մեր ծրագրած պատանեկան չարութիւններու ընթացքին միշտ հաշիւ կ՛ընէինք իր ներկայութիւնը, որովհետեւ կը խուսափէինք իր սաստումներէն եւ յանդիմանութիւններէն, որոնք կը փոխանցէր մեղմ ձայնով, բայց միաժամանակ` խստութեամբ:

Վարժարանին հետ իր կապը մնաց անխախտ նոյնիսկ ուսուցչական ասպարէզի աւարտէն ետք ու ան մնաց վարժարանի կողքին եւ ստանձնեց խնամակալութեան պատասխանատուութիւն:

Տիկին Մարօ սիրեց Այնճարը, նոյնացաւ գիւղացիին հետ, անոր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները դարձան իրեն համար կեանքի անմասն ապրող ու հաճելի իրականութիւն: Այլ բան ալ կարելի չէր պատկերացնել Զարմայր Մինասեանի զաւակին` Վռամի կնոջ կողմէ: Զարմայր Մինասեան կը շարունակէ մնալ երեւոյթ Այնճարի պատմութեան մէջ: Այնճարցի չըլլալով` իր ընտանիքով եկաւ ու հաստատուեցաւ Այնճար, ապրեցաւ Այնճարի կազմաւորման ծանր օրերը, կիսեց ժողովուրդին դժուարութիւններն ու ճգնաժամային վիճակները եւ նաեւ մասնակից դարձաւ գիւղի զարգացման ու յառաջընթացին համար տարուող ճիգին: Այո՛, ան դարձաւ այնճարցի բառին բովանդակ առումով: Այդ նոյն համոզումը փոխանցեց նաեւ զաւակին` Վռամին, որուն կողակիցը դարձաւ տիկին Մարոն, եւ այդ օճախը ամբողջացաւ մէկ հատիկ մանչ զաւակով:

Աւա՜ղ, Վռամը կեանքէն հեռացաւ շատ կանուխ ու շատ երիտասարդ` օրին սուգի մատնելով ամբողջ գիւղը: Թաղման ընթացքին մեր` բոլոր աշակերտներուս, հայեացքները ուղղուած էին տիկին Մարոյին եւ պատանեկան խռովքով կը մտածէինք, թէ այս ծանր կորուստէն ու պատահարէն ետք ան ինչպէ՞ս պիտի շարունակէ իր ուսուցչական ասպարէզը: Մեր սպասումը երկար չտեւեց ու քանի մը օր ետք տիկին Մարոն արդէն դասարանն էր ու իր վարակիչ ժպիտով` առաքելութեան շարունակութեան վրայ:

Ընկերուհի Մարոն օժտուած էր նաեւ կազմակերպչական հմտութեամբ եւ մեզի համար զարմանալի ու անակնկալ չեղաւ, երբ լսեցինք, որ ստանձնած է ՀՕՄ-ի համահայկական մեծ ընտանիքին ատենապետի պաշտօնը, որ վարեց ձեռնհասութեամբ ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ` արժանանալով բոլորի յարգանքին ու գնահատանքին:

 

Քառասուն օրեր առաջ կորսնցուցինք արժէքաւոր հայուհի մը, դաստիարակ մը, որ վերջերս Միացեալ Նահանգներէն փոխադրուած էր հայրենիք ու մեծ ոգեւորութեամբ ու ակնկալութեամբ որոշած էր իր կեանքի մնացեալ փուլը շարունակել հոն: Դժբախտաբար կեանքի դառն ճակատագիրը պատճառ դարձաւ, որ անոր երազն ու երթը անաւարտ մնան:

 

Վա՛րձքդ կատար, տիկի՛ն Մարօ,

Շատ բան պարտական ենք քեզի,

Մեր կազմաւորման ու դաստիարակութեան մէջ անջնջելի է քու ներդրումդ:

Հայրենի հողը, որ շատ սիրեցիր, վստահաբար թեթեւ հանգչած է վրադ:

Ննջէ՛ խաղաղ, մենք քեզ պիտի չմոռնանք ու մնանք երախտապարտ:

 

Յակոբ Հաւաթեան

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն: