Թուրքիա- Ծովակ Քէօշկէրեան նուաճած է Արարատ լերան 4200 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող նախատեսուած երկրորդ փուլը: Լիբանանահայ աշակերտուհինպ դէպի Արարատ լերան գագաթը բարձրանալու արշաւը սկիզբ առած էր երէկ: «Արեւելք», որ մօտէն կը հետեւի Ծովակի քայլերուն անոր հետ նոյն առաքելութեան մէջ եղողներէն տեղեկացաւ, որ խումբը ապահով կերպով նուաճած է լերան 4200 մեթր բարձրութեան երկրորդ փուլը : Ծովակ Քէօշկէրեանի մանկութեան օրերու երազանքը եղած է հասնիլ Պիպլիական լերան գագաթը ( 5165 մեթր ): 13 Տարեկան ուսանողուհիին հիմնական քաջալերողը անոր յաճախած Սահակեան Լեւոն- Մկրտիչեան գոլթէճի տնօրէն ՝ Պրն. Նազօ Ճէրէճեանն է: Անոնք նաեւ նպատակ ունին այս արշաւով դրամահաւաք կայացել յօգուտ Լիբանանահայ վարժարանին: «Արեւելք» պիտի շարունակէ հետեւիլ Ծովակի խիզախ քայլերուն: (Լուսանկարին մէջ Ծովակ Արարատ Լերան 4200 բարձրութեան վրայ):