image

«Ծիծեռնակաբերդի մէջ կատարուածը խայտառակութիւն էր». Ռուբէն Սաֆրաստեան

«Ծիծեռնակաբերդի մէջ կատարուածը խայտառակութիւն էր». Ռուբէն Սաֆրաստեան

Սա խայտառակութիւն է, պէտք է բացառել նման բաները, այս մասին «NEWS.am»–ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանը՝ անդրադառնալով օրեր առաջ տարածուած տեսանիւթին, որուն մէջ կ'երեւայ, թէ ինչպէս Թուրքիոյ քաղաքացին կ'այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան նշանը ցոյց կու տայ եւ թրքերէնով կ'ըսէ, որ ինքը կը գտնուի թատրոնի մէջ։ 

«Նման բան չպէտք է լինի, պէտք է բացառել դա։ Բայց այն, որ Թուրքիայի քաղաքացին, որ չգիտենք, թէ ով է, նման բան անում է, դա ուղղակի թուրքական պետական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է։ Եթէ երկրի արտգործնախարարն է պաշտօնական այցով, երբ գտնւում էր մէկ այլ երկրում, այն էլ Թուրքիայից հազարաւոր քիլոմեթր հեռու, Ուրուկուայում էր, եթէ չեմ սխալւում, այդ նշանը ցոյց տալիս, սա նշանակում է՝ պանթիւրքիզմը ժամանակակից Թուրքիայի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններից մէկն է։ Եւ այդ անառակն էլ, որ այդ բանն արել է, նա ուղղակի այդ քաղաքականութեան շարքային կրողն է»,–ըսած է ան։

Հարցին, թէ կայ մեքենականութիւն մը նման բաներու առաջքն առնելու համար, արդեօք իշխանութիւնները, պատկան մարմիններն ընելիք չունին այստեղ, թրքագէտն ըսած է, որ սահմանին կրնան որոշակի զտում ընել։

«Ֆիլթրացիայի (զտման) նպատակը պէտք է լինի բացայայտել այնպիսի մարդկանց, որոնք ներկայացնում են ռասիստական (ցեղապաշտական) ծայրայեղական մօտեցումներ ինչպիսին, օրինակ, պանթիւրքիզմն է։ Եւ այդ նշանը ծայրայեղականութեան խորհրդանիշներից մէկն է, որը տարբեր երկրներում արգելուած է։ Այդ մեխանիզմը պէտք է յստակ գործի»,–ըսած է ան։ 

Թրքագէտի խօսքով՝ կրնան ըլլալ նաեւ Թուրքիոյ շարքային քաղաքացիներ, որոնք չեն ներկայացներ այդ քաղաքական ուղղութիւնը, ուղղակի այդպիսի խուլիկանութիւն, անառակութիւն կրնան ընել։ Անոր խօսքով՝ սա արդէն երկրորդ նման դէպքն է, եւ պէտք է տուեալ տարածքին մէջ հսկողութիւն ըլլայ, որպէսզի թոյլ չտան նման բաներ։